Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպած է «Ֆրանչիսկեան քայլարշաւի» պատանիներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ «Ֆրանչիսկեան 38-րդ  քայարշաւի» (Լորէթօ-Ասսիզի-Հռոմ) պատանիներուն հետ։ 117 քմ հետիոտն ուղեւորութենէ ետք անոնք ընդունեցան երեք բանալի բառեր. Ուղեւորութիւն, ուրախութիւն, կոչում»։ Ապա նախազգուշացում մը. Կեղծաւորութիւնը»։ Հրապարակուած սոյն թուիթով է որ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տարածեց Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդ ուխտաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումին լուրը։

Ֆրանչիսկեան 38-րդ  քայլարշաւը որ սկիզբ կ՛առնէ Լորէթոյի սրբավայրէն դէպի Ասսիզի ու վերջ կը գտնէ Հռոմի մէջ, Մարմնոյ եւ հոգւոյ ուղեւորութիւն մըն է, ճամբորդութիւնն մը, գեղեցկութեան ու բաժնեկցութեան մէջ, որ յոգնութենէն ու անսպասելի իրադարձութիւններէն անդին կ՛երթայ» գրուած է Արշաւի պաշտօնական կայքէջին մէջ։  Անոր ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այն երիտասարդները որոնք կ՛ուզեն հոգեւոր ընթացք մը կատարել իրենց ներքին կեանքին նշոյլ մը լոյս պարգեւելու նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2018, 08:18