Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Չարաշահումներ. Աշխարհի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը Ֆրանչիսկոս Պապին աջակից։

Վճռակամ ընթանալ չարաշահումներու դէմ պայքարի ուղիով

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հաղորդութիւն, սիւնհոդոսականութիւն, աջակցութիւն, հաւատարմութիւն, մօտիկութիւն եւ համագոյակցութիւն։ Այս բոլորը բառեր են որոնք պարունակուած են աշխարհի զանազան երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած բաց նամակներուն մէջ, առ ի պատասխան վերջին օրերուն ԱՄՆ-ի մօտ երբեմնի առաքելական նուիրակ՝ Քարօ Մարիա Վիկանոյի կողմէ եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումներու մասին հրապարակուած թղթածրարին, որով Ան կը մեղադրէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը ենթադրելով թէ Քահանայապետը եւս ծածկած է Կարդինալ Թէոտոր Մէքքէրիքի ամօթալի արարքները, մինչ իրականին մէջ, անցեալ 27 Յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Ամերիկացի Կարդինալ Մէքքէրիքի հրաժարականը հրահանգած էր նաեւ զրկել զինք  կարդինալական տիտղոսէն ու կասեցնել անոր բոլոր հրապարակային գործերը, խնդրելով նաեւ որ նախկին ծիրանաւորը քաշուի մենաստան, մինչեւ դատավարութեան աւարտը։

Ի տես վերոնշեալ եղելութեան աշխարհի զանազան երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը զօրակցութեան նամակներ ուղղեցին Սրբազան Պապին անոր ապահովեցնելով իրենց աջակցութիւնը, Սրբազան Հօր կողմէ ձեռնարկուած չարաշահումներու դէմ պայքարի ծիրէն ներս ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Անոր այն անխոնջ ու նուիրական աշխատանքին համար ի նպաստ եկեղեցւոյ ու Աստուծոյ ժողովուրդին։  Եպիսկոպոսները Սրբազան Պապին կը հաւաստիացնեն նաեւ թէ ինք մինակ չէ եւ թէ իրենք Անոր կողքին են։

Մինչ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը՝ կարդինալ Տանիել Տի Նարտօ հաստատած է թէ «ի տես չարաշահումներու բաց վէրքի մարտահրաւէրին մենք հաստատակամ կ՛ընթանանք ճշմարտութեան եւ արդարութեան փնտռտուքով» Ան ապա Սրբազան Քահանայապետէն յատուկ ունկնդրութիւն խնդրած է որպէսզի Անոր հետ միասին քննարկեն նոր առաջարկներ՝ կանխարգիլելու եւ ի յայտ դնելու կղերականներու կողմէ գործադրուած սխալներ կամ չարաշահումներ ու միասնաբար պայքարելու եւ արմատախիլ ընելու եկեղեցին ու համայն հաւատացեալները վիրաւորող այդ ախտը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 08:58