Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի ձեռագիր նամակը Ֆրանչիսկոս Պապի ձեռագիր նամակը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագիր նամակը Չիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին

Նամակը հրապարակուած է Չիլէի եպիսկոպոսական ժողովի կայքէջին վրայ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, օգոստոս 5 թուակիր ձեռագիր նամակ մը ուղղած Չիլէի եպիսկոպոսներուն, հասցէագրուած Չիլէի եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ՝ Գերապայծառ Սանթիակօ Սիլվա Ռեթամալեսի։ Նամակը հրապարակուած է Չիլէի եպիսկոպոսական ժողովի կայքէջին վրայ։ Սրբազան Քահանայապետը կը հաղորդէ իր անձնական արժեւորումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն կողմէ պատրաստուած փաստաթուղթին նկատմամբ։ «Յայտարարութիւններ, որոշումներ եւ պարտականութիւններու Չիլէի եպիսկոպոսական ժողովի անդամ եպիսկոպոսներուն» խորագրուած փաստաթուղթը պատրաստուած էր արտակարգ լիագումար ժողովի աւարտին, որ կազմակերպուած էր քննարկելու համար հոգեւորականներու մօտ մանկապղծութեան խնդիրը, օգոստոսի 3ին, Փունթա տէ Թրալքա քաղաքին մէջ։ Փաստաթուղթին մէջ 32 եպիսկոպոսները պաշտօնապէս ներում կը խնդրեն չարաշահումի զոհերէն։ Անոնք կʼընդունին, որ ձախողած են իրենց եպիսկոպոսական պարտականութիւններուն մէջ եւ կը յայտարարեն որ կատարած են նոր կարգադրութիւններ աշխարհականներու եւ կրօնաւորներու համար, որպէսզի նոր դէպքեր չկրկնուին։

Սրբազան Հայրը կը գրէ թէ ուշադրութեամբ կարդացած է յայտարարութիւնը եւ «ազդուած անդրադարձումի եւ պարզորոշումի աշխատանքէն» որ ամբողջացուած է «առնուած որոշումներով»՝ պայքարելու համար չարաշահումի դէմ։ Ան որոշումները կʼանուանէ «իրապաշտ եւ շօշափելի», որոշումներ՝ «որոնք ապահովաբար որոշակի կերպով պիտի օգնեն ամբողջ գործընթացին»։

Սրբազան Պապը կը շարունէկէ, թէ ամենէն աւելի ազդուած է եպիսկոպոսներու հասարակութեան ցուցաբերած օրինակէն՝ միացած Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի առաջնորդութեան մէջ, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այդ միասնութեան համար, որ «կը կառուցէ եկեղեցին»։

Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահը՝ Գերապայծառ Սանթիակօ Սիլվա կը հաստատէ թէ Սրբազան Պապի խօսքերը զինք սփոփած են, շարունակելու սրբագրումի, ապաքինումի եւ հատուցումի ընթացքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2018, 12:07