Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Սանթա Մարիա Մաճճորէ եւ Սուրբ Օգոստինոսի եկեղեցիներուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սանթա Մարիա Մաճճորէ եւ Սուրբ Օգոստինոսի եկեղեցիներուն մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը Աստուածամօր։

Սրբազան Հայրը պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ եւ նախ քան Վատիկան վերադառնալը այցելեց ն Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 27 օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, Իռլանդայի առաքելական ճամբորդութենէն վերադարձին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ՝ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճարը, «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Աստուածամօր Սրբապատկերին առջեւ զետեղելով ծաղկեփունջ մը առ ի շնորհակալութիւն Սուրբ Կոյս Աստուածամօր՝ առաքելական ճամբորդութեան յաջող ընթացքին համար։

Սրբազան Հայրը պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ ապա նախ քան իր նստավայր՝ Վատիկան վերադառնալը, այցելեց նաեւ Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքան՝ այնտեղ  պահպանուած Սրբուհի Մոնիքայի դամբանին առջեւ աղօթելով, Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնին առթիւ։ 

Լուրերը հաղորդեցին իրենց թուիթըրեան կայքերու վրայ հրապարակած թուիթներով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Կրէկ Պուրքը եւ Սուրբ Աթոռի պաշտօնական օրաթերթ «Օսսերվաթորէ Ռոմանոն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2018, 10:47