Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Իրլանտա կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին

Նորին Սրբութինը սրտանց շնորակալութիւն կը յայտնէ հաւաքի կազմակերպիչներուն ու անոր մասնակցող համայն ընտանքիներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Օգոստոս 25-էն – 26 «Ընտանիքի Աւետարանը, աշխարհին համար ուրախութիւն» բնաբանով ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ Իրլանտա կատարելիք ճամբորդութենէն մի քանի օրեր առաջ՝ երեքշաբթի, օգոստոս 21-ին, ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամով ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վերոնշեալ հաւաքին մասնակցող ու հաւաքին հեռուէն հետեւող ընտանիքներուն:
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
Մինչ կը պատրաստուիմ մի քանի օրեր վերջ Իրլանտա այցելելու՝ ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումին համար, իմ ողջոյնի սիրալիր խօսքս կ՝ուղղեմ համայն Իրալանտայի ժողովուրդին:
“I’m exciting to think I’ll come back to Ireland!”.
Ինչպէս գիտէք, համաշխարհային հանդիպումը, հանդիսութիւն մըն է ընտանիքին ի սպաս, Աստուծոյ ծրագիրին գեղեցկութեան եւ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած ընտանիքներուն համար առիթ է հանդիպումի, փոխադարձ աջակցութեան ու իրենց յատուկ կոչումի ապրումին:
Այսօր, ընտանիքները բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն մարմնացնելու համար հաւատարիմ սէրը, առողջ արժէքներով մեծցնելու իրենց զաւակները, աւելի լայնածաւալ հասարակութեան մէջ՝ բարութեան, սիրոյ եւ փոխադարձ ամոքումի թթխմոր ըլլալու։ Դուք քաջ գիտէք այս բոլորը:
Կը յուսամ, որ այս առիթը վերանորոգ քաջալերանքի աղբիւր հանդիսանայ աշխարհի բոլոր վայրերու մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար, յատուկէն Տապլինի մէջ գտնուող ընտանիքներուն: Թող որ այս մէկը մեզի յիշեցնէ ընտանիքի էական տեղը՝ ընկերութեան կեանքին մէջ եւ երիտասարդներուն համար աւելի լաւ ապագայի կերտման ծիրէն ներս: երիտասարդները ապագան են։
Յոյժ կարեւոր է պատրաստել երիտասարդներ ապագային համար, պատրաստել զանոնք այսօր՝ ներկային մէջ, սակայն անցեալի արմատներով. երիտասարդներն ու պապիկները։ Այս մէկը շատ կարեւոր է։
Թէեւ՝ Իրլանտա կարարելիք իմ այցելութիւնս ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքն է , պիտի ուզենայի որ ան ողջագուրէ Իրլանտայի ընտանիքի բովանդակ անդամները:
Յատուկէն կ՝աղօթեմ որ ան նպաստաւորէ աճեցնելու միութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներուն միջեւ, որպէս նշան այն մնայուն խաղաղութեան որ է Աստուծոյ համայն մարդկային ընտանիքին վերապահուած երազը:
Գիտեմ որ բազմաթիւ անձեր աշխուժօրէն կ՝աշխատին իմ այցելութիւնս պատրաստելու համար::

Սրտանց շնորհակալ եմ բոլորին։ Իւրաքանչիւրէն կը խնդրեմ, որ աղօթէ, որպէսզի այս հանդիպումը ուրախութեան եւ անդորրութեան պահ հանդիսանայ, Քրիստոսի քնքոյշ սիրոյ շոյանքը ըլլայ բոլոր ընտանիքներուն , ինչպէս նաեւ Աստուծոյ իւրաքանչիւր զաւկին համար:

Իմ մօտիկութիւնն ու աղօթքս կ՝ապահովեմ ձեզի եւ բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու ինծի համար, որուն կարիքը ունիմ։ Սրտանց ձեզի կը շնորհեմ իմ օրհնութիւններս:

Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2018, 20:00