Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Տապլինի Տիրամօր տաճար

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց տարեցներու մտիկ ընելու կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ շատ բաներ ունինք սորվելիք՝ Սուրբ Պսակի խորհուրդի շնորհքով զօրացած տարեցներու ամուսնական կեանքի փորձառութենէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, օգոստոս 24-ին, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Տապլինի Տիրամօր նուիրուած տաճարը, ուր Սրբազան Հայրը պահ մը կանգ կ՝առն ետք լուռ աղօթք կատարելու Տաճարի աւագ խորանին դիմաց, ուր մոմ մը վառուած է մանկապղծութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։

Ան ապա հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած ամուսնացեալ զոյգերուն հետ, որոնք իրեն ուղղեցին մի քանի հարցումներ եւ որոնց աւարտին սրբազան Հայրը անոնց ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը ու պատասխանեց այդ հարցումներուն։

Ան նախ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Տիրամօր սոյն պատմական տաճարին մէջ կայացած հանդիպումին համար, ուր մատակարարուած են անթիւ սուրբ պսակի խորհուրդներ. ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Վինսենթ եւ Թերեզա ամոլի տուած խրախուսիչ վկայութեան համար՝ ուղղուած աշխարհի բոլոր պսակեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին նորապսակներուն հետ հանդիպումը

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց տարեցներու մտիկ ընելու կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ շատ բաներ ունինք սորվելիք՝ Սուրբ Պսակի խորհուրդի շնորհքով զօրացած տարեցներու ամուսնական կեանքի փորձառութենէն:

Պատասխանելով ապա Տենիս եւ Սինէատ ամոլի հարցումին, թէ ի՛նչպէս կարելի է ուրիշներուն օգնել, Սրբազան Քահանայապետը լուսաբանեց թէ պէտք է հասկնալ որ ամուսնութիւնը պարզապէս միութիւն մը չէ, այլ կոչում մըն է, գիտակից որոշում մըն է, ինչպէս նաեւ ամբողջ կեանքի տեւողութիւն ու մէկը միւսին խնամք տանիլ է: Ան ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց աշխարհի վաղանցուկ իրողութիւններուն, դժուար նկատելով քայլ պահելը աշխարհի արագընթաց փոփոխութիւններուն հետ, ուր անձերը կը նկատուին անցողակի՝ այնքան ատեն որ մեզ շրջապատող իրերը ենթակայ են փոփոխութեան։ Ան շեշտը դրաւ Սուրբ Պսակի մէջ գոյատեւող սիրոյ վրայ, որ ծնունդ կու տայ նոր կեանքի մը. ապա նկատեց որ ամուսնութիւնը, փոխադարձ պատասխանատուութիւն կ՝ենթադրէ՝ սփռելու Աստուծոյ կեանքի պարգեւը: Եկեղեցական ամուսնութիւնը՝ նորապսակները մասնակից կը դարձնէ Աստուածային յաւիտենական սիրոյ խորհուրդին: Զոյգի միութիւնը նշան է նոր յաւիտենական ուխտին՝ Տիրոջ եւ անոր հարսին, եկեղեցւոյ միջեւ – ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ Յիսուս միշտ ներկայ է պսակուած զոյգին մէջ, Ան կը հանդիսանայ իբր սիրոյ ժայռ ու ապաստան: Ան, ա՛յն աղբիւրն է, որ կʼաճեցնէ յաւիտենական անմեղ սիրոյ մէջ, ա՛յն սիրոյ, որ Աստուծոյ երազն է՝ մեզի եւ համայն մարդկային ընտանիքին համար:

Երբեք պէտք չէ մոռնալ Աստուծոյ այս երազը եւ վախնալ անկէ. ընդհակառակը, պէտք է որ Աստուծոյ այդ երազը ըմբոշխնել իբր գանձ մը եւ զայն կրկին երազել ամէն օր: Այսպէս կատարելով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեր կեանքի ուղեւորութեան դժուար պահերուն պիտի կարենանք մէկը միւսին օգնել՝ յոյսով, զօրութեամբ եւ մէկը միւսին ներելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ, որ նշուած է Սուրբ Գրքին մէջ։ Ան ըսաւ, թէ Սուրբ Գրքի մէջ Աստուած յանձնառու կը մնայ՝ հաւատարիմ գտնուելու իր ուխտին, նոյնիսկ եթէ Զայն տրտմեցուցած ըլլանք եւ մեր սէրը աղօտի:Աստուած երբեք պիտի չի լքէ իր ժողովուրդը, ըսաւ Նորին սրբութիւնը, (հմմտ. Եբր 13,5) հրաւիրելով պսակեալները, մխրճուելու եւ օծուելու Աստուծոյ այս խոստումի խօսքին մէջ, խրախուսելով զանոնք երբեք չդադրիլ երազելէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա պատասխանեց նորապսակ Սթէֆըն եւ Ճորտանի հարցումին, թէ ծնողները ի՛նչպէս կրնան հաւատքը փոխանցել իրենց զաւակներուն: Այս առնչութեամբ ան յարեց թէ Իռլանտայի եկեղեցին, ըլլա՛յ դպրոցներու ըլլա՛յ ժողովրդապետութիւններուն համար, քրիստոնէական վարդապետութեան յատուկ ծրագիրներ մշակած է ՝ զաւակները հաւատքի մէջ դաստիարակելու համար:

Քահանայապետը ապա նշեց թէ զաւակներուն հաւատքը փոխանցելու համար, էական վայր կը նկատուի բնակարանը, ծնողաց առօրեայ հանդարտ օրինակներու միջոցաւ, որոնք Տէրը կը սիրեն եւ Անոր խօսքին վրայ կը վստահին: Տան մէջ, առտնին եկեղեցւոյ մէջ, զաւակները կը սորվին հաւատարմութեան, անկեղծութեան եւ զոհաբերումի իմաստը – ըսաւ Ան ու քաջալերեց ընտանիքէն ներս աղօթել եւ խօսիլ լոկ սուրբ եւ բարի բաներու մասին, թոյլ տալով մեր Երկնաւոր Մօր որ թափանցէ մեր ընտանիքէն ներս: Ան յորդորեց միշտ տօնախմբել քրիստոնէական տօները: Խրախուսեց զօրակցիլ տառապողներուն եւ ընկերութեան եզրին գտնուող մեկուսացեալներուն, այս մէկը կատարելով նաեւ զաւակներուն մասնակցութեամբ, որպէսզի անոնց սիրտերը հետզհետէ օժտուին ուրիշներուն նկատմամբ վեհանձն սիրով. եւ նկատեց թէ զաւակները իրենց ծնողքէն կը սորվին աշխարհի բարիքները կիսելու ձեւը: Անոնք իրենց ծնողքէն կը սորվին իբր քրիստոնեայ ապրելու վարուելակերպը:

Ծնողները հաւատքի առաջին դաստիարակներն են, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ապա խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ մեզի սորվեցուցած առաքինութեան ու ճշմարտութեան վրայ, յայտնելով որ ժամանակակից աշխարհի մէջ այդ առաքինութիւնները դադրած են ժողովրդականութիւն վայելելէ. աշխարհի մը մէջ, ուր տկարները, խոցելիները եւ քիչ արտադրող անհատները անտեսուած են : Մեր այսօրուան աշխարհը, ըսաւ սրբազան Հարը, կարիք ունի սիրոյ յեղափոխութեան, եւ հրաւիրեց որ այս յեղափոխութիւնը սկիզբ առնէ մեր եւ մեր ընտանքիներուն մէջէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ այն երեւոյթին, որ աշխարհ սկսած է տակաւ առ տակաւ կորսնցնել սիրոյ կարողութիւնը: Ան յարեց որ մոռացութեան մատնուած է փայփայանքի ուղիղ լեզուն՝ որ է քնքշութեան ուժը, նկատել տալով որ չէ կարելի սիրոյ յեղափոխութիւն կատարել առանց քնքշութեան յեղափոխութեան:

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ զաւակները, հետեւելով իրենց ծնողաց օրինակին, կարենան առաջնորդուիլ աւելի սիրալիր, աւելի ուշադիր եւ հաւատքով հարուստ զաւակներ դառնալու՝ ի սպաս եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ համայն Իռլանտայի ընկերութեան:

Քահանայապետը հուսկ ազդարարեց որ ոչ մէկ ընտանիք կրնայ աճիլ՝ առանց իր իւրայատուկ արմատներու յուշով: Ընտանիքի զաւակները կ՝աճին ա՛յն ժամանակ երբ անոնք հաղոդակից կ՝ըլլան իրենց պապիկներուն: Ան խօսքը աւարտեց մաղթելով, որ համայն եկեղեցւոյ ընտանիքները կարենան շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ՝ հաւատքի պարգեւին եւ քրիստոնէական պսակի շնորհքին համար, բոլորին յանձնարարելով որ Տիրոջ հետ միասնաբար ծառայեն Աստուծոյ արքայութեան գալուստին, արդարութեան եւ խաղաղութեան՝ հաւատարիմ մնալով իրենց կատարած խոստումներուն եւ յարատեւ սիրոյ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 17:15