Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ նախագահին ուղղած հեռագիրը։

Իտալացի ազգին համար կը հայցեմ իմաստութեան եւ խորագիտութեան անհամար պարգեւներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմէն դէպի Տուպլին առաջնորդող թռիչքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրեր ուղղեց Իտալիայի, Զուիցերիայի, Ֆրանսայի եւ  Միացեալ Թագաւորութեան երկիրներու քաղաքական ղեկավարներուն, անոնց եւ անոնց ժողովուրդներուն մաղթելով բարօրութեան եւ խաղաղութեան մաղթանքներ։ Իսկ Իտալիոյ նախագահ Մաթթարելլային ուղղած հեռագիրին էջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով նախագահը յայտնեց թէ  Իրլանտա կը մեկնի ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ հայցելով Իտալացի ազգին համար իմաստութեան եւ խորագիտութեան անհամար պարգեւներ՝ որպէսզի կարենայ շարունակել գնահատել եւ պահպանել ընտանիքի եւ ամուսնութեան արժէքները։

Սրբազան Քահանայապետին հեռագիրին առ ի պատասխան, Նախագահ Մաթթարելլան անոր յղեց բարի ճամբորդութեան բարի մաղթանքի հեռագիր որուն մէջ նշեց թէ Իտալիան եւ միջազգային հասարակութիւնը հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Քահանայապետի առաքելութեան որ է Անոր մօտիկութեան նշան, աշխարհի զանազան երկիրներէն Տուպլին ժամանած ընտանիքներուն, որոնք կ՛ուզեն ունկնդրել Քահանայապետի Աւետարանական Պատգամը ու վերահաստատել իրենց յանձնառումը՝ քրիստոնէական իսկական հոգիով դիմագրաւելու համար ժամանակակից աշխարհի հրատապ մարտահրաւէրները։ 

Նախագահ Մաթթարելլա նշեց նաեւ թէ ինք վստահ է որ այս առաքելական ճամբորդութիւնը յոյսի պատգամ պիտի հանդիսանայ նաեւ Իրլանտայի եկեղեցւոյ ու համայն ժողովուրդին։ 

«Իտալիոյ ժողովուրդին անունով եւս ձեզի կը մաղթեմ բարի ճամբորդութեան անկեղծ մաղթանքներ» գրեց Նախագահ Մաթթարելլան իր հեռագիրի աւարտին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 09:00