Որոնել

Տուպլինի Ընտանիքներու Միջազգային Հաւաք 21-26 օգոստոս 2018 Տուպլինի Ընտանիքներու Միջազգային Հաւաք 21-26 օգոստոս 2018 

Առաքելական 24-րդ ճամբորդութիւն «ընտանիքներու հաւաքին» առթիւ։

«Ընտանիքի Աւետարանը, աշխարհին համար ուրախութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 օգոստոս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութեամբ կը մեկնի Տուպլին իր մասնակցութիւնը բերելու« Ընտանիքներու համաշխարհային իններորդ հաւաքին» որուն բնաբանն է «Ընտանիքի Աւետարանը­, աշխարհին համար ուրախութիւն» եւ որ սկիզբ առաւ 21 օգոստոս 2018-ին ու վերջ պիտի գտնէ 26 օգոստոսի երեկոյեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն այցելութիւնը կը հանդիսանայ Անոր Քահանայապետութեան 24-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը, որոնց առթիւ այցելած կ՛ըլլայ 36 երկիրներ։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ 1980-ին հակիրճ ժամանակի համար ապրած էր Տուպլինի մէջ եւ այժմ այնտեղ կը վերադառնայ որպէս Քահանայապետ, հանդիսանալով Սուրբ Պետրոսի յաջորդներէն երկրորդը որ կ՛այցելէ Տուպլինը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին 1979-ին կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետք։

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքը հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ 1994-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն կը մեկնի շաբաթ 25 օգոստոսի առաւօտեան  7,35-ին ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն տեղական իշխանութիւններէն հրաժեշտ առնելէ ետք կ՛ուղղուի Իռլանդայի մայրաքաղաք՝ Տուպլին ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 10.30-ին (Հռոմի ժամով 11.30-ին) երեք ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք։

Տուպլինի միջազգային օդակայանին մէջ Սրբազան Հայրը կը դիմաւորուի տեղական եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ, որոնց կ՛ընկերանայ նաեւ Իռլանդացի ընտանիք մը։ Դիմաւորումի  արարողութենէն ետք  Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը անմիջապէս կ՛ուղղուին նախագահական պալատ ուր նախատեսուած է  բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։ 

Նախագահական Պալատ ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմաւորուի  Իռլանդայի նախագահ՝ Տիար Միքայէլ Հիկկինսի ու անոր կողակիցին կողմէ եւ պաշտօնական արարողակարգի աւարտին նախագահին հետ միասին կը մտնէ պալատ ուր ստորագրելէ ետք ոսկէ մատեանը տեղի կ՛ունենայ  պատուիրակութիւններու ներկայացումը որուն կը յաջորդէ Նախագահին հետ առանձնական հանդիպում եւ նախագահական ընտանիքի ներկայացում ու նուէրներու փոխանակում։

Նախագահական Պալատին տուած այցելութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուղղուի Տուպլինի  Դղեակ ուր նախատեսուած է երկրին քաղաքական, քաղաքացիական ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ հանդիպումը եւ Սրբազան Քահանայապետին ճառը։ Հանդիպումի աւարտին  Սրբազան Պապը կը փոխադրուի Տուպլինի Առաքելական Նուիրակութիւն որ այս  երկու օրերուն ընթացքին կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին բանակավայրը։

Կէսօրուան ճաշէն ու հակիրճ հանգիստէ մը ետք Նորին Սրբութիւնը՝ յետմիջօրէին, կ՛ուղղուի «Սէնդ Մէրի» աթոռանիստ եկեղեցի որ խորհրդանիշն է երկրին մէկ կաթողիկէութեան վերածնունդին։ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Քահանայապետը կը դիմաւորեն նորապսակ զոյգեր որոնց հետ ունենալիք հանդիպումէն առաջ Սրբազան Հայրը պահ մը կ՛ամփոփուի լռելեան աղօթքի մէջ ապա՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէկ մատրան մէջ, որ նուիրուած է  «մանկապղծութեան ոճիրի» թիրախներուն, մոմ մը կը վառէ այնտեղ եւս աղօթելով անոնց համար։ Հուսկ տարեց զոյգ մը  բարի գալուստի խօսք կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապին մինչ այլ երկու երիտասարդ զոյգեր հարցումներ կ՛ուղղեն Անոր։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը օրհնելէ ետք ներկաները կ՛ուղղուի Քափուչին միաբանութեան խնամակալութեան յանձնուած «տնանկ ընտանիքներու» յատկացուած կեդրոն ուր կը հանդիպի կեդրոնի անձնակազմի ու այնտեղ հիւրընկալուող ընտանիքներուն հետ, հուսկ վերադարձ կը կատարէ առաքելական նուիրակութիւն ու հակիրճ դադարէ ետք երեկոյեան 8.30-ին կ՛ուղղուի Տուպլինի  «Croke Park Stadium», այնտեղ գլխաւորելու համար «Ընտանիքներու Տօնախմբութիւնը» որուն առթիւ նախատեսուած է գեղարուեստական յայտագիր, վկայութիւններ ու աղօթք ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ելոյթը։

Տօնախմբութիւնը կ՛աւարտի Ընտանիքներու Համաշխարհային օրուան նուիրուած Սրբազան Քահանայապետին աղօթքով ու անոր առաքելական օրհնութեամբ որով վերջ կը գտնէ նաեւ Տուպլինի միջազգային ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագիրը։

Կիրակի 26 օգոստոս 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան կանուխ, հրաժեշտ կ՛առնէ առաքելական նուիրակութենէն եւ ՛ուղղուի Տուպլինի օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի «Քնոք» քաղաք այցելելու համար Քնոքի Մարեմեան Սրբավայրը։

Սրբավայր ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի սրբավայրի մեծաւորին կողմէ հուսկ մուտք կը գործէ սրբավայրի եկեղեցի եւ Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամին  նուիրելով նաեւ ոսկեծոց վարդ մը։

Աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը, Սրբավայրի հրապարակին վրայ, կ՛արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, ներկայացնելով նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը, հուսկ հրաժեշտ առնելով ներկաներէն դարձեալ կ՛ուղղուի օդակայան որտեղէն վերադարձ կը կատարէ Տուպլին ու անմիջապէս կ՛ուղղուի առաքելական նուիրակութիւն ուր տեղի կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ ընդունելութիւնը։

Յետմիջօրէի 2.20 անց  Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Տուպլինի «Phoenix Park» ուր տեղի կ՛ունենայ  Ընտանիքներուն Համաշխարհային հաւաքին ու Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը Տոմինիքեան Միաբանութեան Վարդարանի Տիրամօր եւ Սրբուհի Քաթերինայի քոյրերու վանքին մէջ առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Իռլանդայի եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով իր յորդորը ու հանդիպումի աւարտին կ՛ուղղուի Տուպլինի օդակայան ուր հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 11-ին՝ Չամփինօ օդակայան։

Այս առթիւ յայտնենք թէ Իռլանդան ունի 84,405 Քմ քառակուսի տարածք ու 7 միլիոն բնակչութիւն որուն 84 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Իռլանդայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 4 աւագ թեմեր եւ 22 այլ թեմեր ուր կը գործեն 1359 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ հովուական 40 կեդրոններ։

Եկեղեցական կառոյցը կազմուած է 56 եպիսկոպոսներէ, 4335 քահանաներէ,  59 կրօնաւորներէ եւ 765 կրօնաւորուհիներէ որոնց հետ կը համագործակցին 132 մնայուն սարկաւագներ, 97 աշխարհական միաբանութիւններու անդամներ ու 2357 կրօնուսոյցներ։

Կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ նաեւ 3983 դաստիարակչական կառոյցներ եւ 158 բարեգործական ու ընկերային հարցերով զբաղող կեդրոններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2018, 14:00