Որոնել

Տուպլինի «St Mary՛s» Եկեղեցւոյ մէջ աղօթք Տուպլինի «St Mary՛s» Եկեղեցւոյ մէջ աղօթք 

2018-ի Ընտանիքներու Համաշխարհային օրուան պաշտօնական աղօթքը։

Աստուած մեր Հայրը, մենք եղբայր ու քոյրեր ենք Յիսուսի մէջ՝ Քու Որդիդ, մէկ ընտանիք, քու սիրոյդ Հոգիին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աստուած մեր Հայրը,
մենք եղբայր ու քոյրեր ենք Յիսուսի մէջ՝ Քու Որդիդ,
մէկ ընտանիք, քու սիրոյդ Հոգիին մէջ։
Մեզ դարձուր համբերատար եւ բարի,
սիրող եւ առատաձեռն,
կարիքաւորները հիւրընկալող:

Մեզ օգնէ ապրելու քու ներումդ եւ քու խաղաղութիւնդ,
Քու սիրովդ պահպանէ բոլոր ընտանիքները,
յատկապէս անոնց որոնց համար այժմ կ՛աղօթենք։

(Լռութեամբ աղօթենք ընտանիքի այն անդամներուն ու այլ անձերուն համար որոնք մեզի սիրելի են յիշելով անոնց անունները)

Աճեցուր մեր հաւատքը,
զօրացուր մեր յոյսը,
մեզ պահպանէ քու սիրոյդ մէջ,
ու մեզ միշտ դարձուր երախտապարտ՝ բաժնեկցած կեանքի պարգեւին համար։
Զայն կը խնդրենք Քրիստոսի՝ մեր Տիրոջ միջոցաւ։
Ամէն

Մարիամ՝ մեր առաջնորդն ու մայրը, աղօթէ մեզի համար։
Սուրբ Յովսէփ, մեր պաշտպանն ու հայրը, աղօթէ մեզի համար։
Սուրբ Յովակիմ եւ Աննա, Աղօթեցէք մեզի համար։
Սուրբ Լուիս եւ Զելիա Մարթին, աղօթեցէք մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 17:24