Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իրլանտայի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իրլանտայի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իրլանտայի քաղաքական իշխանութիւններուն։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ ինք եկած է մասնակցելու Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումին

Հայր Ներսէս Վրդ. Սագայեան – Վատիկան


Շաբաթ, 25 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Իրլանտայի իշխանութիւններուն հետ։ Դիւանագիտական մարմիններու հետ միասին, ներկայ էին ներկայացուցիչներ քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական կեանքէն։ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրլանտայի նախագահին տուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Հիւսիսային Իռլանտայի պատուիրակութեան ներկայութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ ինք եկած է մասնակցելու Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումին։ Նկատեց, թէ «Եկեղեցին ընտանիքներու ընտանիք մըն է, եւ հարկը կը զգայ նեցուկ կանգնելու ընտանիքներուն՝ անոնց տարած ջանքերուն մէջ, որպէս զի կարենան ընկերութեան մէջ հաւատարմութեամբ եւ ուրախութեամբ պատասխանել Աստուծոյ կողմէ անոնց տրուած կոչումին։ Ընտանիքներուն համար այս հանդիպումը առիթ մըն է ոչ միայն վերահաստատելու իրենց պարտականութիւնը նկատմամբ սիրալիր հաւատարմութեան, փոխադարձ օգնութեան եւ աստուածապարգեւ կեանքի հանդէպ սրբազան յարգանքի, այլ նաեւ վկայելու ընտանիքին տրուած իւրայատուկ դերին՝ իր անդամներուն դաստիարակութեան եւ ընկերային առողջ եւ ճոխ հիւսուածքի զարգացումին։»

Ֆրանչիսկոս Պապ Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումը նկատեց մարգարէական վկայութիւն՝ բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու հարուստ սեփականութեան, որուն պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր սերունդի պարտականութիւնը նկատեց։ «Ընտանիքը ընկերութեան սոսինձն է – ըսաւ Սրբազան Հայրը – անոր բարիքը չէ կարելի նկատել իբր ինքնայայտ, այլ պէտք է անոր նպաստել եւ զայն պահպանել յարմար բոլոր միջոցներով։»

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց թէ ամբողջ մարդկութիւնը մէկ ընտանիք է։ Ասոր համար «պէտք է քաղաքական եւ ընկերային կեանքի բոլոր միջավայրերուն մէջ վերականգնել ժողովուրդներու ճշմարիտ ընտանիք մը ըլլալու գիտակցութիւնը։» Ապա Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ուղղակի Իրլանտայի իրավիճակին, ուր երկիրը բաժնուած է եւ մէկ ընտանիք ըլլալու մարտահրաւէրը իւրայատուկ հանգամանք մը ունի, նկատի առնելով թէ երկար հակամարտութիւններէ ետք, ընտանիքի մը եղբայրները եւ քոյրերը բաժնուած են իրարմէ։ Ան յիշեց հակամարտութիւններուն յաջորդող միջազգային մակարդակի վրայ կատարուած համաձայնութիւնները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին երկու տասնամեակներու խաղաղ վիճակին համար, յուսալով որ խաղաղութեան գործընթացը գերազանցէ մնացած խոչընդոտները եւ նպաստէ համերաշխ, հաշտ եւ փոխադարձ վստահութեան ապագայի մը։ Սրբազան Պապը աւելցուց՝ «Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ թէ ճշմարիտ խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է. ան կը յորդի բուժուած եւ հաշտուած սրետերէ եւ կը տարածուի մինչեւ ամբողջ աշխարհ գրկելու տարողութեամբ։ Սակայն դա մեզմէ կը պահանջէ նաեւ տեւական դարձ, որ աղբիւրն է հարկաւոր հոգեւոր միջոցներու՝ կարենալ կերտելու համար իսկապէս միասնական, արդար ընկերութիւն մը՝ որ տրամադրուած է հասարակաց բարիքի ծառայութեան։ Առանց այս հոգեւոր հիմքին, ազգերու տիեզերական ընտանիքի գաղափարը վտանգուած է ըլլալու ոչ ուրիշ բան բայց եթէ հասարակաց դատարկ վայր մը։»

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը քաղաքական իշխանութիւններուն հետ

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ մանկապղծութեան խնդրին եւ ամենէն խոցելի անհատներու տառապանքին եւ ըսաւ «կը ճանչնամ ծանր գայթակղութիւնը որ պատճառուած է Իրլանտայի մէջ Եկեղեցւոյ անդամներու կողմէ կատարուած անչափահասներու չարաշահումով։» Ան նկատեց, թէ այդ անձերը պարտականութիւնն ունէին պաշտպանելու եւ դաստիարակելու անչափահասները։ «Եկեղեցական իշխանութեան – եպիսկոպոսներու, կրօնաւորներու մեծաւորներու, քահանաներու – ձախողանքը՝ այս զզուելի ոճիրները պատշաճ կերպով դիմագրաւելու, իրաւացիօրէն յառաջացուցած է վրդովմունք եւ կը մնայ կաթողիկէ հասարակութեան տառապանքը եւ խայտառակութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ յիշեցուց Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապի Իռլանտայի կաթողիկէներուն ուղղուած հովուական թուղթը, ուր Սրբազան Պապը կը գիտակցէր վիճակի ծանրութեան եւ կը դիմէր անկեղծ եւ վճռական միջամտութեան։

Սրբազան Հայրը աւելցուց՝ «Արդարեւ, իւրաքանչիւր մանուկ Աստուծոյ թանկագին պարգեւն է, որ պէտք է պահպանել եւ քաջալերել, որպէսզի զարգանան անոր ձիրքերը եւ հասցնել զայն հոգեւոր հասունութեան եւ մարդկային լիութեան։ Իրլանտայի Եկեղեցին, անցեալին ու ներկային, ունեցած է մանուկներու բարիքի յառաջդիմութեան ի նպաստ մատուցած դեր մը, որ չէ կարելի ծածկել։ Մաղթանքս է, որ գայթակղութիւններուն եւ չարաշահումներուն ծանրութիւնը, որոնք յառաջ եկած են շատերու թերացումով, ծառայէ ընդգծելու անչափահասներու եւ խոցելի չափահասներու պաշտպանութիւնը՝ համայն ընկերութեան կողմէ։ Այս իմաստով, բոլորս ալ գիտակից ենք շտապ հարկաւորութեան՝ երիտասարդներուն մատուցելու իմաստուն ուղեկցում մը եւ առողջ արժէքներ՝ անոնց երթին եւ աճումին համար։»

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անդրադարձաւ Իրլանտայի եւ Իրլանտայի Եկեղեցւոյ պատմական անցուդարձներուն, յիշելով թէ Սուրբ Աթոռը միջազգային հաստատութիւններու առաջիններէն էր, որ գրեթէ 90 տարիներ առաջ ճանչցած էր Իրլանտայի ազատ պետութիւնը։ Ան յիշեց Իրլանտայի մեծ սուրբերը, որոնք տարածած են Աւետարանի լոյսը. յիշեց, թէ Իրլանտայի մէջ վանականութիւնը, որ եղած է աղբիւր քաղաքակրթութեան եւ արուեստի ստեղծագործութեան, արձանագրած է հրաշագեղ էջ մը Իրլանտայի եւ ամբողջ աշխարհի պատմութեան համար։ Այսօր եւս բազմաթիւ անհատներ ջանք կը թափեն հարստացնելու ազգին կեանքը՝ հաւատքէն բխած իմաստութեամբ:

Խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը եզրափակեց՝ «Կʼաղօթեմ, որ Իրլանտան, մինչ կը լսէ ժամանակակից քաղաքա-ընկերային վէճի բազմաձայնութիւնը, չմոռնայ քրիստոնէական պատգամի եղանակներուն թրթռացումները, որոնք անցեալին աջակցած են իրեն եւ կրնան նոյնը կատարել ապագային եւս։ Այս խորհրդածութիւններով, ձեր բոլորին եւ Իրլանտացի սիրեցեալ համայն ժողովուրդին համար կը հայցեմ իմաստութեան, ուրախութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւնը։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 12:45