Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները

Ֆրանչիսկոս Պապ ուրախ է որ կը մասնակցի Իռլանտայինմէջ կայացած ընտանիքներուն միջազգային հաւաքին:

 

Շաբաթ, 25 օգոստոսին, ընտանիքներու միջազգային 9-րդ հաւաքի առիթով, դէպի Տապլին թռիչքի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներն ու լրագրողները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար:

«Այս կը հանդիսանայ իմ ընտանիքներու երկրորդ տօնախմբութիւնը՝ առաջինը եղաւ Ֆիլատելֆիան ու այս երկորդնէ » ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնելով թէ իրեն համար հաճելի է ընտանիքներուն մէջ գտնուիլը եւ ուրախ է Իռլանտա կատարած ճամբորդութեան համար:

Ան ապա պարզաբանեց, թէ իր սրտին դպչող կայ այլ շարժառիթ մը ըսելով

«Իռլանտա կը վերադառնամ 38 տարիներ ետք, ուր գրեթէ երեք ամիս անգլերէն լեզուի դասընթացքի մասնակցած եմ ՝1980 թուականին: Այս մէկը նաեւ ինծի համար հաճելի յիշատակ է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, անոնց կատարած աշխատանքին համար հուսկ՝ մէկիկ մէկիկ ձեռնուեցաւ անոնց հետ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 11:47