Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ներողութիւն խնդրեց եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումի արարքներուն համար։

«Ներողութիւն խնդրենք եկեղեցականներու կողմէ կատարուած չարաշահումներուն համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 օգոստոս 2018-ին, Տուպլինի «Ֆենիքս փարքի» այգիին մէջ մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսք առնելով՝ յիշեց շաբաթ 25 օգոստոսին Իրլանտայի եկեղեցականներու կողմէ չարաշահումի թիրախ զոհերուն հետ ունեցած հանդիպումը ըսելով «Երէկ հանդիպեցայ՝ իշխանութեան, խղճի եւ սեռային չարաշահումներու  ութը վերապրող անհատներու հետ։ Ընդառաջելով անոնց խօսքերուն կը փափաքիմ Տիրոջ ողորմութեան առջեւ դնել այդ ոճիրները ու ներողութիւն խնդրել անոնց համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց «Ներողութիւն խնդրել Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցած չարաշահումներուն համար, չարաշահում իշխանութեան եւ խղճի, սեռային չարաշահում անհատներու կողմէ որոնք Եկեղեցւոյ մէջ պատասխանատուութեան  պաշտօններ ունէին» ըսաւ Ան ու մասնաւոր կերպով խնդրեց «ներողութիւն  հայցել բոլոր այն չարաշահումներուն համար որոնք տեղի ունեցան կրօնաւորներու ու եկեղեցւոյ այլ անդամներու կողմէ կառավարուած հաստատութիւններուն մէջ»։

«Ներողութիւն հայցենք նաեւ աշխատանքի շահագործումի դէպքերուն համար, որուն պարտաւորուեցան բազմաթիւ անչափահասներ։ Ներողութիւն խնդրենք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներողութիւն հայցելով նաեւ «բոլոր այն առիթներուն , ուր՝ որպէս Եկեղեցի, գործնական արարքներով կարեկցութիւն չի ցուցաբերուեցաւ չարաշահումներու զոհերուն, ու չի փնտռուեցաւ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը»։

«Ներողութիւն խնդրենք նուիրապետութեան այն անդամներուն համար որոնք այս ցաւալի իրավիճակէն տեղեակ էին եւ լրութիւն պահեցին. Ներողութիւն խնդրենք» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ներողութիւն  խնդրելով նաեւ այն մանուկներուն համար որոնք խլուեցան իրենց մայրերէն, եւ ամէն այն անգամներուն համար ուր իրենց զաւակները փնտռող մայրերուն ըսուեցաւ – ու նոյնը ըսուեցաւ նաեւ  այն զաւակներուն որոնք իրենց մայրը կը փնտռէին – թէ մահացու մեղք մըն է  փնտռել այն զաւակը որոմէ բաժանուեցան»։ Այս մէկը  մահացու մեղք չէ, չորրորդ Պատուիրանն է - յարեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով «Ներողութիւն խնդրենք» ապա աղերսանքի աւարտին հայցեց որ «Տէրը  պահպանէ ու աճեցնէ այս ամօթի եւ հաղորդութեան վիճակը, ու մեզի ուժ պարգեւէ, որպէսզի աւելիով յանձնառու ըլլանք, որպէսզի այսպիսի արարքները դարձեալ չի պատահին եւ արդարութիւն հաստատուի»։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 17:29