Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Տուպլին կատարած առաքելական այցելութիւնը։

Ընտանիքներու համաշխարհային յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 2021 թուականին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տուպլինի «Ֆէնիքս փարք»ի հանրային պարտէզին մէջ մատուցած Սուրբ պատարագով ու Իրլանտայի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումով, աւարտեց Տուպլին կատարած առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Եզրափակիչ սուրբ զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ուղղեց «Ընտանիքներու Համաշխարհային սքանչելի հաւաքին համար» որ է, ըսաւ Ան, Աստուծոյ մեզի ու համայն եկեղեցւոյ համար պարգեւ մը։

Սրբազան Հայրը հուսկ շնորհակալ եղաւ բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով սատարեցին եւ համագործակցեցան այդ ձեռնարկի յաջողութեան ու յատկապէս Տուպլինի Արքեպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ Իրլանտայի կառավարութեան ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու բոլոր կամաւորներուն։

«Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել մասնաւորապէս բոլոր այն անձերուն որոնք աղօթեցին այս Հաւաքին համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը վստահութիւն յայտնելով թէ  «Հաւաքին յաջողութիւնը կը պարտինք անոնց պարզ ու յարատեւող ական աղօթքներուն»։

Եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Տոմինիքեան իգական Միաբանութեան Սուրբ Վարդարանի եւ Սրբուհի Քաթերինայի  վանքը ուր առանձնական եւ դռնափակ հանդիպում ունեցաւ Իրլանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր յորդորը։

Հանդիպումէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Տուպլինի միջազգային օդակայան, ուր տեղական ժամով 18.30-ին (Հռոմի ժամով 19.30)  տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, որով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 24 առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Քահանայապետական օդանաւը Տուպլինէն մեկնեցաւ երեկոյեան 18.45-ին (Հռոմի ժամով 19.45-ին)։ Անոր Հռոմ ժամանումը նախատեսուած է 3 ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք՝ երեկոյեան 11-ին, Չամփինօ օդակայան։

Յայտնենք թէ Ընտանիքներու համաշխարհային  յաջորդ հաւաքը  տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 2021 թուականին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Տուպլին կատարած առաքելական այցելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 19:31