Տուպլինի Ընտանիքներու Միջազգային հանդիպումը Տուպլինի Ընտանիքներու Միջազգային հանդիպումը 

Ընտանիքներու Միջազգային հանդիպումները։

Ընտանիքներու միջազգային հանդիպումները Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի մարգարէական յայտնատեսութեան հետեւանքն են

Հայր Ներսէս Սագայեան  - Վատիկան

Ընտանիքներու եւ Երիտասարդներու միջազգային հանդիպումները Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի մարգարէական յայտնատեսութեան հետեւանքն են։ Անոնք Եկեղեցւոյ համար վերածուած են շնորհքի մը, որ միշտ աւելի հարստացած է յաջորդ քահանայապետերուն ժամանակ։

Ընտանիքներու Միջազգային առաջին Հանդիպումը տեղի ունեցած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի 6 յունիս 1993ին արտայայտած փափաքով։ Հանդիպումները շարունակուած են Բենեդիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերու ժամանակ։

1993ի յունիսի 6ին, Ֆոքոլարի շարժումի ընտանիքներու հաւաքի աւարտին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած էր Սուրբ Պատարագը եւ յայտարարած էր թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին 1994ը կը տօնախմբէ իբր ընտանիքի տարի, ինչպէս նախատեսած էր նաեւ ՄԱԿը։ Ապա 1994ի հոկտեմբեր 8-9 տեղի կʼունենայ Ընտանիքներու Միջազգային առաջին Հանդիպումը՝ Հռոմի մէջ։ Հանդիպման իբր բնաբան ընտրուած էր «Ընտանիքը՝ սիրոյ քաղաքակրթութեան սիրտը»։

Ցարդ 6 քաղաքներ հիւրընկալած են Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումը՝ Հռոմ (երկու անգամ), Ռիօ Տէ Ժաներօ, Մանիլա, Վալենսիա, Մեքսիքօ Քաղաք, Միլանօ, Ֆիլատելֆիա, եւ այս տարի՝ Տապլին։

1981ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. հրապարակած էր «Familiaris consortio» (Ընտանիքը մեր օրերուն) յորդորագիրը։ Սրբազան Հայրը կʼընդգծէր ընտանիքի կենդրոնական դիրքը։ 1994ի փետրուարին, նոյն քահանայապետը կը հրապարակէ երկար նամակ մը ընտանիքի մասին, ուր ան կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը «սիրոյ քաղաքակրթութեան» մը  վրայ՝ հիմնուած ընտանիքներու։ Ապա սոյն տարւոյն հոկտեմբերի 8-9, Սրբազան Հայրը կը խնդրէ ընտանիքներէն, հարց տալ թէ ո՞րն է իրենց ինքնութիւնը եւ առաքելութիւնը։ Նոյն տարւոյն դեկտեմբերի 13ին Սրբազան Պապը կը հրապարակէ նաեւ նամակ մը ուղղուած մանուկներու եւ ընտանիքներու, եւ պատգամ մը (յունուար 1), ուղղուած Խաղաղութեան Միջազգային Օրուան։

Ընտանիքներու այս առաջին հանդիպումին կը յաջորդեն Ռիօ տէ Ժաներոյի (4-5 հոկտեմբեր 1997), Հռոմի (14 հոկտեմբեր 2000) եւ Մանիլայի (յունուար 2003) հանդիպումները։ 2000 թուականի հանդիպումին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապ, իր ուսուցման մէջ լայն տեղ կը տրամադրէ ընտանիքի տագնապին՝ ի տես շատ մը դժգոհ ընտանիքներու։ Մանիլայի հանդիպումը կը կենդրոնանայ քրիստոնեայ ընտանիքի առաքելութեան վրայ՝ նկատելով քրիստոնեայ ընտանիքը «երրորդ հազարամեակի աւետիսը»։ Այդ հանդիպումին, Սրբազան Հայրը մասնակցողներուն իր պատգամը կը հաղորդէ հեռուստատեսային կապով։ Ան կը նշէ, թէ ընտանիքը, հիմնուած ամուսնութեան վրայ, մարդկութեան սեփականութիւնն է, եւ իսկապէս «աւետիսն է մեր ժամանակի այրերուն եւ կիներուն համար»։

Մանիլայի հանդիպումի աւարտին, Հրեշտակ Տեառնի աղօթքի ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. կը յայտարարէ յաջորդ հանդիպման վայրը՝ Վալենսիա։ Այդ հանդիպումին սակայն կը մասնակցի անոր յաջորդը՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը, որ ընտանիքներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հաւատքի փոխանցումին վրայ։ Ան կը շեշտէ, թէ հաւատքը կʼուսուցուի ընտանեկան օջախին մէջ, եւ միշտ հոն է որ կʼաճի եւ կը զօրանայ՝ աղօթքով եւ քրիստոնէական ապրումով։

2009ին, Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումը կը կատարուի Մեքսիքոյ Քաղաքին մէջ։ Այս պարագային ալ, Սրբազան Պապը ընտանիքներուն կը միանայ հեռուստացուցային կապով։ Բենեդիկտոս Պապ կը նկատէ ընտանիքը իբր «կազմաւորիչ մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքներու», ան կը շեշտէ ամուսնութեան անլուծանելիութեան վրայ։

2012, 3 յունիսին, Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումը տեղի կʼունենայ Միլանոյի մէջ։ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը ուշադրութիւնը կը դարձնէ ընտանիքներու, որոնք կը տառապին բաժանումի պատճառով։ Իր պատգամին մէջ ան կʼըսէ՝ «Ինծի կը թուի, թէ ժողովրդապետութեան մը, կաթողիկէ հասարակութեան մէջ մեծ պարտականութիւնն է, կարելին ընել որ բաժանումի մէջ ապրող ընտանիքները զգան սիրուած եւ ընդունուած»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ժամանակաշրջանին, Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումները ամբողջապէս կը մուծուին եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընթացքէն ներս։ Սրբազան Հայրը շեշտը կը դնէ ընտանիքներուն մատուցուած նորոգեալ հովուականի մը վրայ։ 2015ի Ֆիլատելֆիայի հանդիպումը կը կատարուի 2014ի արտակարգ սիւնհոդոսէն ետք, որ նուիրուած էր ընտանիքի խնդիրներուն, եւ 2015ի օրինաւոր սիւնհոդոսէն ամիս մը առաջ, որուն քննարկման նիւթն էր «Ընտանիքի կոչումը եւ առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ։» Ֆրանչիսկոս Պապ, որ անձամբ կը մասնակցէր այս հանդիպումին, կʼընդգծէր, թէ «Աստուծոյ երազը կը շարունակէ իրականանալ շատ մը զոյգերու երազին մէջ, որոնք իրենց կեանքով ընտանիք կազմելու քաջութիւնն ունին»։

Սրբազան Հայրը գիտակից է այն բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն, որոնք կը դիմագրաւէ ընտանիքը, սակայն ան դրական կերպով կը տեսնէ ընտանիքի նպաստը՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան։ Ան կը խնդրէ ընտանիքներէն որ օգնեն Եկեղեցւոյ, շարունակելու համար ըլլալ «մարգարէութիւն» վիրաւոր մարդկութեան, ըլլալ խաղաղութեան, քնքշութեան եւ սիրոյ մարգարէութիւն։

Նշենք թէ Ընտանեկան սիրոյ ուրախութիւնը պիտի ըլլայ  տարւոյս Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումի նիւթը՝ Տուպլինի մէջ։ Այդ առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի խորանայ այն նիւթերուն վրայ, որոնք ան նշած էր «Amoris laetitia» Առաքելական Յորդորագրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2018, 08:16