Սրբազան Պապը Տիրամօր հովանիին յանձնեց ճամբորդութիւնը Սրբազան Պապը Տիրամօր հովանիին յանձնեց ճամբորդութիւնը 

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Իրլանտա ուղղուող առաքելական 24-րդ ճամբորդութիւնը։

Սրբազան Պապը ճամբորդութիւնը յանձնեց Տիրամօր հովանիին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 25 օգոստոս 2018-ի առաւօտեան  8.15-ին սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդեց Իրլանտայի մայրաքաղաք՝ Տուպլին, այնտեղ գլխաւորելու համար Ընտանիքներուն Համաշխարհային իններորդ հանդիպումի եզրափակիչ արարողութիւնները։ 

Ճամբորդութեան նախօրեակին, ինչպէս յայտնեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Կրէկ Պուրք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան ուր «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ զետեղեց ծաղկեփունջ մը եւ աղօթեց, Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնելով առաքելական սոյն ճամբորդութիւնը։

Սրբազան Հայրը Վատիկանէն մեկնեցաւ 7.35-ին ապա Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն՝ 3 ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքով մը փոխադրուեցաւ Տուպլին սաւառնելով Զուիցերիայի, Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան օդային տարածքներուն վրայէն ու աւանդութեան համաձայն այդ երկիրներուն նախագահներուն ուղղելով բարեմաղթական հեռագիրեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 08:21