Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Քափուչին Միաբանութեան կեդրոն այցելութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տուպլին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, շաբաթ՝ 25 օգոստոս 2018-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Տուպլինի Քափուչին միաբանութեան տնանկներու կեդրոնին, հանդիպելով այնտեղ ապաստան գտած ու խնամուած աղքատներուն հետ ու անոնց հոգ տանող կամաւորներուն հետ։

Կեդրոնի Տնօրէն Հայր  Քէվին Քովելի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն գնահատելով Քափուչին միաբանութեան գործունէութիւնը, որոնք՝ ըսաւ Քահանայապետը, «ժողովուրդին եղբայրներն են» ու «աղքատներուն հետ ներդաշնակ կապ մը ունին»։

«Դուք յատուկ պարգեւ մը ունիք Յիսուսին վէրքերը տեսնելու կարիքաւոր, տառապեալ, անմխիթար ու ամէն ինչէ զուրկ մարդոց մէջ։ Անոնք ձեզի համար Քրիստոսի մարմինն են։ Այս է ահա ձեր վկայութիւնը եւ Եկեղեցին պէտք ունի այդ վկայութեան։ Շնորհակալութիւն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ անոնց վկայութիւնը օրինակ է նաեւ քահանաներուն համար, որպէսզի սորվին ունկնդրել, ըլլան մօտիկ, ներեն առանց շատ հարցումներ ընելու.ըլլան պարզ՝ անառակ որդիին հօր նման, որ ներեց առանց հարցաքննութեան, ընդունելով իր որդւոյն դարձը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը ուղղեց աղքատներուն ըսելով թէ անոնք սիրայօժար կու գան այդ կեդրոնը որովհետեւ Քափուչին վարդապետները զանոնք կ՛ընդունին առանց  անոնցմէ խլելու արժանապատուութիւնը։ «Քափուչին Վարդապետներուն համար ձեզմէ իւրաքանչիւրը Յիսուս Քրիստոսն է։ Դուք Եկեղեցին էք, դուք Աստուծոյ Ժողովուրդին էք»  յարեց Սրբազան Պապը ու անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն Եկեղեցւոյ, Քահանաներուն ու Քափուչին միաբանութեան համար։

«Աղօթեցէք ձեր եպիսկոպոսին համար եւ աղօթեցէք նաեւ ինծի համար» ըսաւ Ան, հուսկ բոլոր ներկաները հրաւիրեց նախ քան առաքելական օրհնութիւնը ընդունիլը՝ խորհելու իրենց սրտին մօտիկ անձերու մասին ու «անոնց աւելցուցէք նաեւ այն անձերը որոնք ձեզի գէշութիւն ըրած են, ներելով անոնց» ըսաւ Սրբազան Պապը ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 20:23