Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը Քնոքի Տիրամօր Սրբավայրի հրապարակէն

Սրբազան Հայրը Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցեց, որ ամոքէ ամէն տեսակ շահագործումի թիրախ դարձած զոհերը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեան հաստատէ սեփական առաջադրանքին մէջ , որ նման արարքներ երբեք չի կրկնուին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, օգոստոս 26-ին, Իռլանտա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, առաւօտեան, ժամը 07,40-ին, Ֆրանչիսկոս պապ հրաժեշտ առնելով Տապլինի մէջ առաքելական նուիրակութեան պալատի պաշտօնեաներէն, ուղղուեցաւ մայրաքաղաքի միջազգային օդակայան, ուր թռիչքով մեկնեցաւ Քնոք քաղաք, ապա 40 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, Քնոքի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ եկեղեցական եւ քաղաքական տեղական իշխանութիւններու կողմէ։

Բարի գալուստի արարութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ուղղուեցաւ Քնոքի Տիրամօր սրբավայր, որուն Յայտնութեան մատրան մէջ , ներկայութեամբ աւելի քան 200 հաւատացեալներուն դիմաւորուեցաւ սրբավայրին ընդհանուր մեծաւորին կողմէ:

Յիշեալ մատրան մէջ Սրբազան Պապը պահ մը ամփոփուեցաւ , լուռ աղօթք կատարելու Տիրամօր Սրբապատկերին առջեւ ու նուիրեց Ոսկեայ վարդարան մը: Ան ապա ուղղուեցաւ Սրբավայրին հրապարակ՝ ուր Իռլանտայի ժամով 09,45-ին (Հռոմի ժամով 10.45ին) գլխաւորեց Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթ ընծայեց այցելելու Իռլանտայի ժողովուրդին շատ սիրելի Տիրամօր այդ սրբավայրը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց, թէ Տիրամօր տաճարին Յայտնութեան մատրան մէջ, Աստուածամօր հովանիին յանձնեց աշխարհի համայն ընտանիքները, եւ յատկապէս տաճարին մէջ ներկայ եւ Իռլանտայի բոլոր ընտանիքները:

Ան նշեց, որ Տիրամայրը, մեր երկնաւոր Մայրը կը ճանչնայ իւրաքանչիւր տան մէջ փորձարկուած ուրախութիւններն ու զոհողութիւնները, որոնք կրելով իր անարատ սրտին մէջ կը ներկայացնէ իր Որդւոյն գահին:

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ ինք որպէս յիշատակ իր հետ բերած է ոսկեայ վարդարան մը գիտակից ըլլալով, թէ որքան կարեւոր է ընտանեկան վարդարանի աւանդութիւնը Իռլանտայի մէջ: Ան ապա մատնանշեց , թէ քանի՜ հայրերու, մայրերու եւ զաւակներու սիրտեր, տարիներու հոլովոյթին մխիթարանք եւ ուժ գտան, խոկալով քրիստոսի փառաւոր, ուրախութեան, լուսաւոր եւ տրտմական խորհուրդներուն՝ Տիրամօր բերած մասնակցութեան մասին: Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ Սուրբ Կոյս Մարիամը նաեւ Եկեղեցւոյ Մայրն է, եւ Անոր հովանիին յանձնեց «այս զմրուխտ կղզիի, Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին ուղեւորութիւնը»:

Քահանայապետը Տիրամայրէն խնդրեց, որ իր ողորմած հայեացքով նայի իր Որդւոյն ընտանիքին անդամներուն, աւելցնելով թէ ինք Տիրամօր արձանին առջեւ կատարած աղօթքին մէջ Աստուածամօր ներկայացուցած է Իռլանտայի մէջ եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած բռնաբարութեան զոհերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ Քնոքի Սրբավայրին մէջ

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ ոչ մէկը կրնայ չյուզուիլ անչափահասներու չարաշահումի տառապանքի պատմութիւններէն, որոնցմէ խլուեցաւ մանկական անմեղութիւնը եւ որոնք լքուեցան իրենց ցաւալի ճակատագրին։ Այս մէկը բաց վէրք ու մարտահրաւէր մըն է. պէտք է բոլորս վճռակամութեամբ որոնենք ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ներողութիւն հայցեց Քրիստոսէն, այդ մեղքերուն համար, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, շատերու կողմէ զգացուած գայթակղութեան եւ դաւաճանութեան արարքներուն համար:

Սրբազան Հայրը Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցեց, որ ամոքէ ամէն տեսակ շահագործումի թիրախ դարձած զոհերը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեան հաստատէ սեփական առաջադրանքին մէջ , որ նման արարքներ երբեք չի կրկնուին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց Հիւսիային Իռլանտայի ժողովուրդին, յայտնելով թէ ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքին առիթով կազմակերպուած իր ճամբորդութեան յայտագիրը չընդգրկեր Իռլանտայի հիւսիսային շրջանի այցելութիւնը, սակայն ինք սրտանց կ՝ապահովէ իր աղօթքն ու մօտիկութիւնը այդ տարածքի ժողովուրդին:

Ան եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը հայցելով Տիրամօր զօրակցութիւնը Իռլանտայի ընտանիքի համայն անդամներուն համար, որպէսզի անոնք որպէս եղբայրներ ու քոյրեր յարատեւեն իրենց համերաշխութեան գործին մէջ:

Սրբազան Հայրը ապա իր գնահատանքը յայտնեց համամիութեան ծիրէն ներս արձանագրուած յաջողութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն միջեւ բարեկամական եւ համագործակցութեան մարզի վրայ կայացած իմաստալից աճումին համար։ Իր աղօթքը ապահովեցուց Քրիստոսի բոլոր առաքեալներուն, որպէսզի անոնք յարատեւէն իրենց ի գործ դրած ջանքերուն մէջ, ի սպաս համերաշխ եւ արդար ընկերութեան կերտման՝ այսօրուան զաւակներուն համար:

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Իռլանտայի բանտերուն մէջ գտնուող այր մարդոց ու կիներուն, մասնաւորապէս բոլոր անոնց որոնք իմանալով Սրբազան Հօր Իռլանտա կատարելիք ճամբորդութեան լուրը, դիմած էին անոր նամակով մը: Ան բոլորին համար հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի հսկէ անոնց վրայ եւ զօրացնէ զանոնք հաւատքի եւ յոյսի մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 11:45