Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Իրլանտայի մէջ հաւատքը աւելի զօրեղ է չարաշահումներէն»

Քահանայապետին զրոյցը Տուպլինէն Հռոմ թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իրլանտայի մէջ  ականատես եղայ մեծ հաւատքի» այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նկատել տալով թէ Իրլանտացիները շատ տառապեցան գայթակղութիւններու պատճառաւ սակայն անոնք գիտեն զանազանել «ճշմարտութիւնը՝ կիսատ ճշմարտութիւններէն» թէեւ այդ «բուժումի գործընթացքին մէջ» կան իրականութիւններ որոնք կարծես հաւատքէն կը հեռացնեն, բայց եւ այնպէս այդ հաւատքը կը մնայ անսասան։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսիկոս Պապին աւանդութիւն դարձած լրագրողներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Անոր ուղղուած հարցումներուն մեծամասնութիւնը կը հայէր մանկապղծութեան ու եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած չարաշահումներու նիւթերուն, ապա օրուան կարեւոր մէկ իրադարձութեան՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախկին առաքելական նուիրակ՝ Քարլօ Մարիա Վիկանօ Արքեպիսկոպոսին հրապարակած թղթածրարը, հայող Կարդինալ Մէքքէրրիքին որ  մեղադրուած է երիտասարդ նորընծաներու դէմ սեռային ոտնձգութիւններու մեղադրանքով. Գերապայծառ Վիկանօ թղթածրարին մէջ կը բացայայտէ թէ Վատիկանի բարձրաստիճան եկեղեցականներ տեղեակ էին պատահածէն, սակայն ոչ մէկ քայլ կատարեցին կանխարգիլելու արարքները եւ պատժելու կարդինալը։ Հարցումին որպէս պատասխան Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ «Լաւ կարդացէք թղթածրարը եւ դուք քաղեցէք ձեր անձնական դատողութիւնը։ Ես ոչ մէկ բառ պիտի ըսեմ ասոր մասին։ կը կարծեմ թէ թղթածրարը ինքնին խօսուն է»։

Սրբազան Հայրը ապա բացատրութիւններ տուաւ  չարաշահումի մեղադրանքով մեղադրուած եպիսկոպոսի դէմ դատական գործընթացքի մասին դիտել տալով թէ ամէն մէկ արարքի համար  որոշուած է ստեղծել «յատուկ յանձնախումբ» մը որուն պարտականութիւնն է քննարկել հարցը ու վճիռ արձակել։ 

Խօսելով ապա չարաշահումներու թիրախ զոհերու ու անոնց ընտանիքներու կրած անբուժելի վէրքերու մասին, Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց «անմիջապէս խօսիլ պատահածի մասին» դիտել տալով թէ շատ անգամ «ծնողները կը փորձեն թաքուն պահել իրողութիւնը» որովհետեւ մի գուցէ չեն հաւատար իրենց զաւկին պատմածին։ Միւս կողմէ ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը լրատուամիջոցները որոնք նուրբ աշխատանք կը տանին պէտք չէ նախաձեռնեն հրապարակային դատավարութիւններու, նախ քան մեղադրուողին պատասխանատուութեան պարզուիլը եւ այս ծիրէն ներս  օրինակ բերաւ կրօնական վարժարանի մէկ աշխատաւորի կողմէ տասը քահանաներու դէմ մանկամոլութեան մեղադրանքը։  Այդ քահանաներէն մի քանիները ապրեցան նուաստացումի անարդարութիւնը թէեւ դատարանը բացայայտեց անոնց անմեղութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով լրագրողները պատմելու իրականութիւնը  ի միտ ունենալով միշտ անմեղութեան իրաւական ենթադրութիւնը։

Լրագրողներէն մին ապա Նորին Սրբութեան հարցում ուղղեց եթէ Ինք որեւէ մի ձեւով միջամտած էր «Տիչոթթի» նաւով Իտալիա ժամանած գաղթականներու հարցին լուծամն, տրուած ըլլալով որ  Իտալիոյ ներքին գործոց նախարարի հրահանգով, գաղթականներուն արգիլուեցաւ մուտք գործել Իտալիա եւ օրեր շարունակ  նաւուն վրայ մնալէ ետք,  եւրոպական այլ երկիրներ եւ Վատիկանը յօժարեցան զանոնք ընդունիլ իրենց հողերուն վրայ եւ հիւրընկալել  իրենց կառոյցներուն մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը հարցումին պատասխանելով վստահեցուց թէ ինք ոչ մէկ ճնշում բանեցուցած է ու թէ հարցը լուծուած է Իտալիոյ եպիսկոպոսներու միջամտութեամբ, հուսկ պարզեց թէ ամէն մէկ երկիր պէտք է ունենայ խոհեմութեան չափանիշը, պէտք է անշուշտ «փրկել» գաղթականները սակայն պէտք է նաեւ անոնց երաշխաւորել «ներառումի» ծրագիր որպէսզի կարողանան մաս կազմել ընկերութեան – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ասուլիսի աւարտին պատասխանեց նաեւ միասեռականներուն հայող հարցումի մը։ «Ի՞նչ պատասխան կու տաք հօր մը որուն զաւակը անոր կը խոստովանի որ միասեռական է» հարց տուաւ լրագրորդը եւ Ֆրանչիսկոս Պապ  պատասխանեց «անոր կ՛ըսեմ աղօթէ, մի դատապարտեր, անոր հետ խօսիր, հասկցիր զինք ու այնպէս ըրէ որ ան ընդունուած զգայ...անտեսելը՝ մայրութեան եւ հայրութեան բացակայութիւն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ ասուլիսի աւարտին դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հետ ճամբորդող բոլոր լրագրողներուն անոնց թանկարժէք աշխատանքին համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2018, 09:30