Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք եւ երիտասարդներու առաքելութեան յանձնում։

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալացի երիտասրադներուն շնորհեց «միսիոներականութեան հրահանգը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 12 օգոստոս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ի ներկայութեան իտալացի 70 հազարէ աւելի երիտասարդներու եւ այլ ուխտաւորներու։

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները։ 

Նախ քան Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հանդիպում ունեցաւ իտալացի երիտասարդ ուխտաւորներուն հետ, որոնք Իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն ու թեմերէն Հռոմ ժամանած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած «Մենք այստեղ ենք» խորագիրով ձեռնարկին, առ ի պատրաստութիւն եւ աղօթք յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ «երիտասարդները»։

Հանդիպումի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն շնորհեց «միսիոներականութեան հրահանգը» առաքելով զանոնք աւետելու ու հռչակելու Աւետարանը ապա օրհնեց Սուրբ Տամիանոյի Խաչելութիւնը եւ Լորեթոյի Տիրամօր սրբապատկերը որ Իտալացի երիտասարդները իրենց հետ պիտի տանին Փանամայ՝ Յունուար 2019-ին կայանալիք Փանամայի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին առթիւ որպէս նուէր։

«Այսօր ձեզ կը խրախուսեմ ըլլալու բարիի դերակատարներ ու դուք ձեզ հանգիստ մի զգաք երբ չարիք չէք գործեր որովհետեւ ամէն մին յանցաւոր է այն բարիքին համար զոր չի գործեց» յարեց Սրբազան Քահանայապետը յոյս յայտնելով որ երիտասարդներէն ծնունդ առնէ «բարիքին հակումի» կարողութիւնը։ Բաւական չէ չատելը, հարկաւոր է ներողամիտ ըլլալ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, բաւարար չէ ոխերիմ չ։ըլլալ, հարկաւոր է աղօթել թշնամիներուն համար, ու բաւարար  չէ բաժանումի պատճառ չի դառնալ, հարկաւոր է խաղաղութիւնը տանիլ այնտեղ ուր բացակայ է»։

Սիրելի երիտասարդներ այս օրերուն դուք շատ քալեցիք եւ ասոր համար մարզուած էք ու կարող եմ ձեզի ըսել «քալեցէք եղբայրսիրութեան մէջ. քալեցէք սիրոյ մէջ ու միասին քալենք բոլորս դէպի եպիսկոպոսներու յառաջիկայ սիւնհոդոս»։ 

Յայտնենք թէ Մարեմեան աղօթքէն եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած իրենց հանդիպումէն առաջ երիտասարդները Սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ մասնակցեցան Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ կարդինալ Կուալթիլերօ Պասսեթիի գլխաւորած սուրբ պատարագին։

Իսկ Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիկսոս Պապ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քահանաներուն ու մայրապետնեըուն՝ անոնց երիտասարդներուն նուիրուած առօրեայ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին որ եղաւ երիտասարդներու հաւաքին նախաձեռնողը։ 

Սրբազան Պապը ապա երիտասարդները հրաւիրեց վկայելու եղբայրութեան եւ հաղորդութեան ուրախութիւնը ապա բոլորին մաղթեց բարի վերադարձ իրենց տուները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2018, 12:45