Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ  

Չիլէի մէջ մանկամոլութեան հարցեր. Նոր հանդիպումներ Վատիկանի մէջ:

Կը շարունակուին Պապին հանդիպումները Չիլէի մէջ եկեղեցականներու կողմէ կատարուած մանկապղծութեան արարքներու շուրջ.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուրբաթ 10 օգոստոսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Չիլէի Սան Պերնարտօ թեմին եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Ինիացիօ Կոնզալէսը որուն կ՛ընկերանար մանկապղծութեան կանխարգիլումի եւ զոհերու ուղեկցութեան Չիլէի ազգային խորհուրդի նախագահ՝ Տիկ Անա Մարիա Չելիս Պրունէթը»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը աւելցնելով թէ Քահանայապետին այդ հանդիպումին նպատակն էր՝ տեղեկութիւններ ունենալ ու քննարկել այն քայլերը որոնք կատարուեցան Չիլէի մէջ, դիմագրաւելու համար մանկամոլութեան հարցերը ու այնպէս ընելու որ այդպիսի իրողութիւններ դարձեալ չի կրկնուին։

Շօշափուած նիւթերու շարքին էին նաեւ գոհերուն ապրած տառապանքը ու անոնց մխիթարութիւն ու հատուցում շնորհելու կարիքը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ մօտէն կը հետեւի  Չիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հարցին հայող գործընթացքին դարձեալ փափաք յայտեց որ թափանցիկութեամբ յառաջ ընթանան ու ամէն մէկ հարցի տրուի ուղիղ պատասխան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2018, 08:40