Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քարայիպեան շրջանի երիտասարդներուն։

Հարկաւոր է երիտասարդ ըլլալ իրողութիւնները փոխելու համար, որովհետեւ այդ փոփոխութիւնը կը կարօտի երիտասարդ ուժերու։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 15 Յուլիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Անդիլեանք կղզիներու երիտասարդներուն որոնք Անդիլեանք Կղզիներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրաւէրով կը մասնակցին երիտասարդներուն նուիրուած համահաւաքին որ տեղի կ՛ունենայ ամէն երեք տարի անգամ մը եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է «Երիտասարդները կը բարեփոխեն Քարայիպեան Ընտանիքը» ու կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ «Սիրոյ Ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրը։

Ողջունելով երիտասարդները Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ՝ իրողութիւնները փոխելու համար  հարկաւոր է ըլլալ երիտասարդ, որովհետեւ այդ փոփոխութիւնը կը կարօտի երիտասարդներու ուժերուն։

«Դուք, ըսաւ Սրբազան Պապը, ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսական յորդորագիրը իւրացնելով յառաջ կ՛ուզէք տանիլ ընտանիքը ու բարեփոխել Քարայիպեան շրջանի ընտանիքը։ Դուք կը պատրաստուիք փոխել բան մը որ ձեր նախնիքները  պատրաստեցին։ Դուք կ՛ընկալէք երեկուայ պատմութիւնն ու աւանդութիւնը ու այս կը նշանակէ արմատներ ունենալ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ որ «եթէ անցեալի մէջ արմատացած չ՛ըլլանք կարելի չէ ոչ մէկ բան կատարել։ Որովհետեւ արմատներուն մէջ կը կայանայ յառաջ ընթանալու համար ուժը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով զանոնք «միշտ ետ նայիլ ու նայիլ արմատներուն, մեծ հայրիկներուն, մեծ մայրիկներուն, ծնողներուն ու խօսիլ անոնց հետ, որպէսզի անոնց պաշարները յառաջ տանիք փոխակերպելով զանոնք» ըսաւ Սրբազան Պապը  ակնարկելով «Սիրոյ Ուրախութիւնը» յորդորագիրին ու յատկապէս այդ յորդորագիրի սիրտը հանդիսացող չորրորդ գլխուն, ուր կը նշուի ինչպէս ապրիլ սէրը  Ընտանիքի մէջ ու խրատեց ներկաները միասին քննարկելու չորրորդ գլուխը հաստատելով թէ «սէրը ունի իր իւրայատուկ ուժը ու սէրը երբեք վերջ չունի», ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոսը «հաւատքն ու յոյսը պիտի վերջանան երբ Տիրոջ հետ ըլլանք, սակայն սէրը պիտի շարունակուի Տիրոջ հետ»։

Սրբազան Պապը գնահատեց ապա հաւաքի մասնակցողներուն աշխատանքը ու քաջալերեց շարունակել յառաջ ընթանալ։

«Աստուած օրհնէ ձեզ։ Ես ձեզի համար կ՛աղօթեմ ու եթէ կը բարեհաճիք դուք ալ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2018, 16:00