Որոնել

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոս Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոս 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահներու անուանում։

Սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ 3 – 28 հոկտեմբեր 2018-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տես յառաջիկայ հոկտեմբերին կայանալիք եպիսկոպոսներու սովորական ընդհանուր 15-րդ սիւնհոդոսին որուն կեդրոնական նիւթն  է «երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը» ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 14 յուլիս 2018-ին, վերոնշեալ հաւաքի որպէս պատգամաւոր նախագահներ անուանեց գերերջանիկ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, Քաղդէացի եկեղեցւոյ պատրիարքը, Մատակասկարի Թաումազինա թեմին Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Տեզիրէ Թսարհազանան, Միանմարի Եանկոն թեմի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Շարլ Մաունկ Պոնը եւ Նոր Կինէի Փորթ Մորէզպիի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Ժոն Ռիպաթը։

Նշենք թէ երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ 3 – 28 հոկտեմբեր 2018-ին, որպէս նպատակ ունենալով նախ եւ առաջ գիտակցիլ, որպէս Եկեղեցի, թէ երիտասարդները դէպի ուրախութիւն ու սէր առաջնորդելը հիմնական պարտականութիւններէն մին է , ապա օգնել զանոնք զատորոշելու իրենց կեանքի կոչումը ու այս ծիրէն ներս վերատեսել երիտասարդներու հովուական հոգատարութեան  գործընթացը ապա վերանորոգել ու երիտասարդացնել  Եկեղեցին, մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորած  «հովուական դարձէն», որպէսզի եկեղեցական կառոյցները  միշտ աւելիով դառնան միսիոներական, համապատասխանելու համար իրենց կոչումին որ է՝ ըլլալ աշխարհի լոյսը, աղն ու թթխմորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2018, 11:54