Որոնել

Անտառային հրդեհներ Յունաստանի մէջ Անտառային հրդեհներ Յունաստանի մէջ 

Անտառային հրդեհներ Յունաստանի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը:

Յունաստանի մէջ անտառային հրդեհներու պատճառաւ կան բաչմաթիւ զոհեր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ապշահար կը նայինք Յունաստանը հարուածող անտառային մեծածաւալ հրդեհներուն, որոնք կը կործանեն մարդկային կեանքերն ու ստացուածքներ ու կ՛այրեն անտառներու կենսական հարստութիւնները։ Մեր աղօթքները կը միացնենք Աթէնքի եպիսկոպոս Երոնիմոսին  որպէսզի Աստուած օգնէ՝ որ կարողանանք կասեցնել այս մարդկային ու կենսոլորտային աղէտը, որուն հետեւանքները անհամար են», ապա «ուժ ու մխիթարութիւն պարգեւէ զոհերու ընտանիքներուն ու վիրաւորներուն»։ Այս եղաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա յայտարարութիւնը, ի տես Յունաստանը հարուածող անտառային ահաւոր հրդեհներուն, որոնք մինչեւ այժմ պատճառեցին 50 մեռեալ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ, ահ ու սարսափի մատնելով  հազարաւոր զբօսաշրջիկներ ու տեղական բնակիչներ։ 

Յունաստանի հանրային հեռուստակայանը կատարուածը որակեց «ազգային ողբերգութիւն» մինչ Երկրին զինուորական ու քաղաքացիական բոլոր ուժերը միատեղ կը ջանան շտապ օգնութիւն մատուցել բնակչութեան, Յունաստանի կառավարութիւնը  օգնութեան դիմում ներկայացուց Եւրոմիութեան։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւս՝ Յունաստանի Քաղաքական եւ Եկեղեցական իշխանութիւններուն ուղղուած ցաւակցական հեռագիր մը յղեց՝ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան խոր ցաւը՝ ի տես  պատահածին, ու Անոր մօտիկութիւնը  աղէտի թիրախ բոլոր զոհերուն։ 

«Մինչ Սրբազան Պապը Աստուծոյ ողորմածութեան կը յանձնէ ննջեցեալները, Ան կը քաջալերէ  քաղաքացիական իշխանութիւններն ու արտակարգ իրավիճակներու անձնակազմը, որոնք յանձնառումով կը շարունակեն իրենց փրկարարական աշխատանքները» կը գրէ Պետական Քարտուղարը բոլոր սգացողներուն փոխանցելով Աստուածային մխիթարութեան քահանայապետական օրհնութիւններ։

Նշենք թէ նոյն օր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող այլ հեռագիրով մը ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել Լաոսի հարաւ-արեւելքը  գտնուող հիդրոէլեկտրակայանի փլուզման հետեւանքով արձանագրուած  զոհերուն անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։

Նորին Սրբութիւնը ապա  քաջալերանքի խօսք ուղղեց քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ բոլոր անոնց որոնք ներգրաւուած են որոնման եւ փրկարարական աշխատանքներու մէջ, բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2018, 14:14