Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները։

Դադրած կը նկատուին նաեւ Տոմուս Սանթա Մարթաի մատրան մէջ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ առաւօտեան պատարագները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրաեսնեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկցուի թէ Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք պիտի վերսկսին օգոստոս ամսուայ ընթացքին ու տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։ Դադրած կը նտակւին նաեւ Տոմուս Սանթա Մարթաի մատրան մէջ հաւատացելնաերոպւ մասնակցութեամբ առաւօտեան պատարագէները  որոնվ կը վեսրկսին սեպետմբեր ամսոյն մէջ մինզ կը շարունակուին կիրակնրօեայ հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքները։

Աւանդութիւն է որ Քահանայապետերը Յուլիս ամսուայ ընթացքին իրենց ամառնային արձակուրդներն ու հանգիստը կատարեն։ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Քահանայապետերը Յուլիս ու օգոստոս ամիսները ընդհանրպաէս կ՛անցնէին Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ։  Իր ընտրութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց այդ շրջանը անցնել Վատիկանի իր նստավայրին մէջ։

Նշենք թէ հրապարակային ունկնդրութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։ Հրապարակային կը կոչուի որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ հաւաքին։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։ 1975-ի Սուրբ տարուայ ընթացքին, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը կառուցել տուած էր այդ դիտաւորութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2018, 09:45