«Քահանաներու յոգնութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

«Աղօթենք միասին, որպէսզի քահանաները զգան Տիրոջ ու եղբայրներու հետ բարեկամութեան աջակցութիւնն ու մխիթարութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 3 յուլիս 2018-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որ նուիրուած է քահանաներուն։  

«Քահանաներու յոգնութիւնը։ Գիտէ՞ք քանիցս կը մտածեմ այս մասին» հարց տուաւ Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը, ապա շարունակեց. «Քահանաները իրենց առաքինութիւնով եւ իրենց դերութիւններով, իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն տարբեր ոլորտներու մէջ։ Ու բազմաթիւ բաց ճակատներու դիմաց չեն կրնար անշարժ մնալ հիասթափութենէ մը ետք։ Այսպիսի պարագաներուն հարկաւոր է յիշել թէ ժողովուրդը կը սիրէ իր հովիւները, կարիքն ունի անոնց ու անոնց վրայ կը վստահի», յարեց  Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց աղօթելու Քահանաներուն համար ըսելով. «Աղօթենք միասին, որպէսզի քահանաները որոնք իրենց հովուական աշխատանքը  կ՛ապրին դժուարութեան ու միայնակութեան մէջ,  զգան Տիրոջ ու եղբայրներու հետ բարեկամութեան աջակցութիւնն ու մխիթարութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2018, 16:00