Երիտասարդութեան Համաշխարհային օր Երիտասարդութեան Համաշխարհային օր 

Յառաջիկայ 23-27 Յունուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մեկնի Փանամա։

2019 Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է «Ահաւասի՛կ Տիրոջ աղախինն եմ ես, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրք, երկուշաբթի 9 յուլիս 2018-ին, յայտարարեց թէ Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ Փանամայի մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով երկրի կառավարութեան ու Փանամացի եպիսկոպոսներու հրաւէրին, յառաջիկայ 23-27 Յունուար 2019-ին, պիտի մեկնի Փանամա, իր մասնակցութիւնը բերելու համար ԵՀՕ։

Այս պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներու երրորդ համաշխարհային հաւաքը, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ 2013-ի Յուլիսին ու Քրաքովիայի մէջ 2016-ի Յուլիսին կայացած հաւաքներէն ետք։

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու կեանքի կաճարի կառավարիչ Կարդինալ Քեվին Ֆարրել, խօսելով՝ ԵՀՕ Փանամայի մէջ տօնախմբելու ընտրութեան մասին հաստատած է թէ 3.6 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այդ երկիրէն է որ ծնունդ առած է ցամաքամասի աւետարանացումը ու թէ ճիշդ այդ վայրէն է որ ան կարող է վերանորոգուիլ ու նոր թափով ընթանալ։

2019 Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է «Ահաւասի՛կ Տիրոջ աղախինն եմ ես, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկ. 1:38): Պատասխանը զոր Սուրբ Կոյս Մարիամը տոււ Հրեշտակին երբ ան աւետեց թէ պիտի ծնի որդի մը ու անոր անունը Յիսուս պիտի կոչուի։ 

Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան ծագումը

Յայտնենք թէ 1984-ի ապրիլ 22ին Ծաղկազարդի տօնին օրը, աշխարհի զանազան վայրերէն 250 հազար երիտասարդներ, ընդառաջելով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակ ժամանեցին, մասնակցելու համար 1983-ի Սուրբ Տարուայ փակման արարողութեան։ Այս առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոնց  յանձնեց ''խաչ'' մը որ ապա տարիներու ընթացքին դարձաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերու խորհրդանշանը։

12 ամիսներ ետք վերոյիշեալ հաւաքը միեւնոյն խանդավառութեամբ կրկնուեցաւ եւ Երիտասարդութեան Միջազգային Տարուայ առթիւ, 31 մարտ 1985-ին, երիտասարդները դարձեալ համախմբուեցան Սրբազան Քահանայապետին շուրջ, աղօթքի, բաժնեկցութեան եւ զրոյցի հանդիպումներով։ Այս եղաւ նոր սերունդի աննախընթաց պատասխանը ՅՊԲ-ի հրաւէրին։ Ի տես այս իրողութեան ՅՊԲ քահանայապետը, 31 մարտ 1985-ին, աշխարհի երիտասարդներուն ուղղեց առաքելական թուղթ մը եւ նոյն տարուայ 20 դեկտեմբերին ան հաստատեց ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը''։ 

''Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը'' առաջին անգամ նշուեցաւ 1986-ի մարտ 23ին` ծաղկազարդի օրը, ունենալով որպէս բնաբան ս Պետրոսի Ընդհանրական Ա. Թուղթի 3 գլուխէն քաղուած 15րդ համարի հետեւեալ նախադասութիւնը ''Պատրաստ եղէք պատասխանելու ամէն անոնց որ կը հարցնեն ձեր յոյսի խօսքին մասին''։ Այդ օրէն սկսեալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը սկսաւ նշուիլ ամէն տարի ծաղկազարդի տօնին նոյն օրը։ Թէեւ ասոր կից, ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, վերոյիշեալ հանդիպումը կը ստանձնէ Միջազգային հաւաքի հանգամանք եւ համայն աշխարհէն երիտասարդներ կը հանդիպին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ որոշուած մէկ քաղաքի մը մէջ, որպէսզի միասին խորհրդածեն ու զեկուցեն իրենց հաւատքի մասին եւ ունկնդրեն Քահանայապետին կողմէ այդ առթիւ իրենց ուղղուած պատգամները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2018, 08:41