Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Ֆիլիփինի մէջ համաժողով նուիրուած նոր Աւետարանութեան։

Համաժողովին նպատակն է մասնակիցներուն մատուցել Յիսուսի, եկեղեցւոյ ու անոր առաքելութեան մասին գրաւիչ վկայութիւն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

18 -22 Յուլիս 2018-ին, Ֆիլիփինի մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «նոր աւետարանութեան» նիւթին նուիրուած համաժողով մը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «եղբայրական բարի մաղթանքներ» յղեց համաժողովի 5000 մասնակիցներուն խրախուսելով զանոնք դիմագրաւելու մարտահրաւէրները՝ միսիոներական բարեփոխումներու միջոցաւ, հայեացքը սեւեռելով ոչ միայն Ֆիլիփինեան կղզեխումբի վրայ, այլ համայն ասիական ցամաքամասին վրայ։

Քահանայապետը իր այս պատգամը ուղարկած է Ֆիլիփինի մէջ պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչային, մինչ Մանիլայի Արքիեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն պատգամին ընթերցումը կատարեց համաժողովի բացման սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին։

Գերապայծառ Քաչչիա այս առթիւ նշեց թէ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ուզեց ընդգծել թէ որքանով կենսական է այսօր եկեղեցւոյ համար՝ Աւետարանը քարոզել բոլորին, բոլոր վայերու մէջ ու բոլոր առիթներով, առանց տատամսումի, առանց հակակրանքի կամ  վախի,  որովհետեւ «Աւետարանի ուրախութիւնը յատկացուած է բոլոր ժողովուրդին եւ ոչ մէկը կարելի է բացառել անկէ»։

Համաժողովին նպատակն է մասնակիցներուն մատուցել Յիսուսի, եկեղեցւոյ ու անոր առաքելութեան մասին գրաւիչ վկայութիւն։  «Այս կը նշանակէ ըլլալ արմատացած Քրիստոսի մէջ» ըսաւ այս առթիւ Կարդինալ Թակլէ հաստատելով թէ «Յիսուս՝ Ինքն է Աւետարանը»։

Համաժողովի ընթացքին պիտի շօշափուին  զանազան նիւթեր. ժողովրդապետութիւն, դաստիարակութիւն, աշխատանք, ընտանիք, հաղորդամիջոցներ ու հասարակական ցանցեր, կրօնուսուցում, առաքելութիւն եւ նոր կոչումներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2018, 08:19