Մարզանք Մարզանք 

«Մարզանքը կը խթանէ հանդիպումի մշակոյթը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մարզանքը որպէս մարդկային, տնտեսական ու ընկերային զարգացումի գործիք» խորագիրով ուսումնաժողով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Մարզանքը որպէս մարդկային, տնտեսական ու ընկերային զարգացումի գործիք» խորագիրով՝ յառաջիկայ 25 օգոստոսին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայանալիք ուսումնաժողովին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը՝  քաջալերեց ուսումնաժողովի կազմակերպիչներն ու անոր մասնակցողները «շարունակել զարգացնել մարզանքը, ան վստահութեամբ թէ մարզանքը միայն  ժամանցի կերպ մը չէ այլ ու ամենէ առաջ գործիք մըն է կառուցելու համար հանդիպման, եղբայրութեան ու զօրակցութեան մշակոյթը, ու ապահով ճանապարհ մը՝ աւելի խաղաղ եւ աւելի արդար աշխարհի մը կերտումին համար» գրեց Քահանայապետը իր պատգամին մէջ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2018, 11:46