Որոնել

Սանթա Մարթայի մատուռը Սանթա Մարթայի մատուռը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 Յուլիսի պաշտօնական հանդիպումները։

Այսօրուընէ սկսեալ դադրած են Ֆրանչիսկոս Պապին առաւօտեան պատարագներու հաւատացեալներու մասնակցութեան աւանդութիւնը

Երկուշաբթի 2 յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին, Քահանայապետի Վատիկան քաղաքի ընդհանուր տեղակալ եւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագերէց, Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետական Քարտուղար, գերապայծառ Էնրիքօ Տալ Քովոլօ, Լատերանի Քահանայապետական համալսարանի երբեմնի Ռեկտոր հուսկ գերապայծառ Անթոնիօ Սթալիանօ Իտալիոյ Նոթօ թեմին եպիսկոպոսը։

Նշենք թէ այսօրուընէ սկսեալ դադրած կը նկատուի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ սկիզբ առած առաւօտեան պատարագներու հաւատացեալներու մասնակցութեան աւանդութիւնը, որ սկիզբ կ՛առնէ դարձեալ սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։ Յուլիս ամսուայ ընթացքին  դադրած կը նկատուին նաեւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2018, 11:29