Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոստոս մէկին։

Սովորութիւն է որ յուլիս ամսուայ ընթացքին Քահանայապետերը դադրեցնեն իրենց պաշտօնական գործունէութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտարարած էր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը՝   Քահանայապետական  հրապարակային ունկնդրութիւնները  յուլիս ամսուայ դադարէն ետք պիտի վերսկսին յառաջիկայ չորեքշաբթի օր՝ 1 օգոստոսին ու տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։ Նմանապէս դադարած են հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Քահանայապետի առօրեայի պատարագները, որոնք պիտի վերսկսին յառաջիկայ սեպտեմբերին։

Սովորութիւն է արդարեւ որ  յուլիս ամսուայ ընթացքին Քահանայապետերը դադրեցնեն իրենց պաշտօնական գործունէութիւնները ու հանգստեան շրջան մը ապրին։

Ֆրանչիսկոս Պապին նախորդները այդ շրջանը կ՛անցնէին Քասթելկանտոլֆոյի քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ընտրութենէն ետք որոշեց այդ շրջանը անցնել Վատիկանի իր նստավայրին մէջ։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։ 1975-ի որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը մինչ ձմեռային կամ ամարային տաք ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը զայն կառուցել տուած էր այդ դիտաւորութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2018, 10:22