Սուբերու դատին հայող Կարդինալական Ժողով Սուբերու դատին հայող Կարդինալական Ժողով 

Երանելի Նունցիօ Սուլփրիցիոյի սրբադասումը 14 հոկտեմբեր 2018-ին

Միեւնոյն օրը Սուրբերու շարքին պիտի դասուին նաեւ Պօղոս Զ քահանայապետը եւ Գերապայծառ Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 19 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ կայացած «Երրորդ ժամու» ժամասացութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ Երանելի Նունցիօ Սուլփրիցիոյի սրբադասման հայող կարդինալական հաւաքը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի հանդիսապետութեամբ։

Ան ծնած էր Փեսքոսանսոնեսքօ գիւղաքաղաքին մէջ 13 ապրիլ 1817-ին։ Ծնողներու մահէն ետք, փոքրիկն Նունցիոն կը փոխադրուի իր մեծ մօր տունը, սակայն այս վերջինիս  մահէն ետք Նունցիոն կը ստիպուի ապաստան գտնել իր հօրեղբօր մօտ, որ զայն կը զրկէ դպրոցէն ու երկաթագործութեան գործարանին մէջ կ՛աշխատցնէ որպէս բանուոր։

Ինը տարեկան մանուկ Նունցիոն  իր ուժերէն վեր ծանր աշխատանքներ կը կատարէ որոնց բերումով կը հիւանդանայ ու երեք ամիս Աքուիլայի հիւանդանոցին մէջ խնամուելէ ետք  կը վերադառնայ հօրեղբօր գործարանը ուր վեց տարիներ եւս կ՛աշխատի որպէս բանուոր հակառակ իր հիւանդոտ իրավիճակին։  1832-ին, այլ հօրեղբօր մը միջամտութեամբ կը փոխադրուի Նափոլի ուր հրամանատար Ֆելիչէ Վոչինկերը զինք կ՛առնէ իր հոգատարութեան տակ ու Նափոլիի հիւանդանոցներուն մէջ անոր խնամք կը տանի որպէս իր հարազատ զաւակը,  սակայն ձախ ոտքի փտախտութեան պատճառաւ բժիշկները կ՛որոշեն անդամահատել անոր ոտքը, բայց Նունցիոյի ֆիզիկական տկարութիւնը այդ մէկը անկարելի կը դարձնէ ու երիտասարդ Նունցիոն  ցաւերուն չի դիմանալով ու այլեւս յետին տկարութեան մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ 19 տարեկանին՝ 5 մայիս 1836-ին։ 

Հակառակ բոլոր կրած ցաւերուն՝ փոքրիկն Նունցիոն իր կեանքի հակիրճ ճանապարհորդութիւնը ապրեցաւ ամենայն հաւատքով, իր ցաւերը նուիրելով Յիսուսին ու յաճախ կրկնելով «Տէրը ինծի համար շատ տառապանք կռեց։ Ինչո՞ւ ես ալ իրեն համար չի կռեմ զանոնք» կամ «կը փափաքիմ մեռնիլ դարձի բերելու համար նոյնիսկ մէկ մեղաւոր մը»։

Երբ անոր հարց կու տան «Ո՞վ հոգ կը տանի քեզի» Ան կը պատասխանէ «Աստուածային նախախնամութիւնը»։ 

Աշխարական հաւատացեալ երիտասարդ ու բանուոր Նունցիօ Սուլփրիցիոն երանելի հռչակուած է 1963-ի դեկտեմբեր մէկին, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի օրով, որ երանացման արարողութեան առթիւ արտասանած քարոզին մէջ շեշտադրած է «երիտասարդի ու բանուորի» յատկութիւնները։

Նունցիօ Սուլփրիցիոն ձեզի երիտասարդներուդ պիտի ըսէ թէ «երիտասարդութիւնը պէտք չէ նկատուի ազատ կիրքերու եւ անյաղթ տագնապներու շրջան ու անկանխատեսելի յոռետեսութեան ու վնասակար եսասիրութեան տարիք։ Ան ձեզի պիտի ըսէ թէ երիտասարդ ըլլալը շնորհք մըն է՝ բախտաւորութիւն մըն է. Ինչպէս շնորհք ու բախտաւորութիւն է ըլլալ անմեղ, ուրախ, զօրեղ, կեանքով ու գորովով լի, այնպէս ինչպէս պէտք է ըլլան այն մարդիկը որոնք կ՛ընդունին գանձ մը որ պէտք չէ խելագար կերպով վատնել, այլ պէտք է ճանչնալ, պահպանել, զարգացնել զայն, ի նպաստ նաեւ ուրիշներուն…դուք երիտասարդներդ կարող էք վերակենդանացնել աշխարհը՝ ուր Նախախնամութիւնը ձեզ կոչեց ապրելու համար։

«Նունցիօ Սուլփրիցիոն ձեզի պիտի սորվեցնէ վսեմագոյն կոչումը որ կը կայանայ զոհաբերումի, խաչի ու մեր եւ աշխարհի փրկութեան մէջ»  ըսած էր միշտ Պօղոս Զ Քահանայապետը որ խօսքը ուղղելով նաեւ բանուորներուն անոնց եւս յորդորած էր հետեւել սուրբին օրինակին ու կրօնը նկատել որպէս կեանքի անբաժան իրողութիւն։  Եկեղեցին ձեզի կը մտածէ ու ձեր մէջ կը տեսնէ մարդու ու քրիստոնեայի արժանապատւութիւնը» հաստատած էր երջանկայիշատակ Քահանայապետը։

Նշենք թէ՝ 19 յուլիս 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կայացած վերոնշեալ կարդինալական հաւաքի որոշումով  Երանելի Նունցիօ Սուլփրիցիոյի սրբադասման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին։ Միեւնոյն օրը Սուրբերու շարքին պիտի դասուին նաեւ Պօղոս Զ քահանայապետը եւ Գերապայծառ Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզը ինչպէս նաեւ Հայր Ֆրանչեսքօ Սփինելլին, Հայր Վինչենցօ Ռոմանոն, կուսակրօն Մարիա Քաթերինա Քասփերը եւ Քոյր Նազարիա Ինիացիա Տի Սանթա Թերեզա Տի Ժեզուն։ Յայտնենք նաեւ թէ այդ օրերուն Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասրադնրուն նուիրուած սիւնհոդոսը որուն բնաբանն է «Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2018, 11:26