Որոնել

Monsignor Pablo Leon Hakimian Monsignor Pablo Leon Hakimian 

Հայր Պօղոս Հաքիմեան Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի թեմին նոր առաջնորդ։

Հայ Փապլօ Հաքիմեան ծնած է Գահիրէ (Եգիպտոս) 11 նոյեմբեր 1953-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 4 յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի թեմին (Արժանթին) ու Լատին Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի (Պրազիլ) էքզարքութեան առաջնորդ՝ Գերապայծառ Վարդան Վալտիր Պօղոսեանի, տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը, անոր տեղ նշանակեց Հայր Փապլօ-Պօղոս Հաքիմեանը որ մինչեւ օրս կը վարէր, Պուէնըս Այրէսի Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը։

Հայ Պօղոս Հաքիմեան ծնած է Գահիրէ (Եգիպտոս) 11 նոյեմբեր 1953-ին, փոքրիկ հասակին ընտանեօք փոխադրուած են Արժանթին։ Բարձրագոյն վարժարանի ուսումները տեղւոյն վրայ կատարելէ ետք, մտած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան՝ 27.09.1976-ին եւ Հռոմի Տոմինեքեան Հայրերու Աքուինացի Սուրբ Թովմասի քահանայապետական համալսարանի մէջ աւարտած է փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները, ինչպէս նաեւ Հովուական Աստուածաբանութեան մասնագիտութիւնը։

Քահանայ ձեռնադրուած է Պուէնըս Այրէսի մէջ՝ 14 օգոստոս 1981ին ձեռամբ այն ժամանակուայ Պաղտատի վիճակաւոր՝ Արհ Յովհաննէս Արք Գասպարեանին որ յետագային դարձաւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Կաթողիկոս Պատրիարք։

Պաշտօնավարած է Պուէնըս Այրէսի մէջ իբրեւ օգնական ժողովրդապետ 1981-1984, ապա Սան Փաոլոյի ժողովրդապետ՝ 1984-1987, հուսկ դարձեալ Պուէնոս Այրէսի մէջ, այս անգամ իբրեւ ժողովրդապետ՝ 1987-2002։

2002-2003 տարեշրջանին նշանակուած է Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմին Պատրիարքական հոգաբարձու, հուսկ վերադառնալով Արժանթին ստանձնած է Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը, մինչեւ այսօրուան անուանումը որպէս Եպիսկոպոս։

Ան հմուտ է Հայերէնի , Սպաներէնի, Փորթուկալերէնի, Իտալերէնի եւ Արաբերէնի։

Վատիկան Նիուզ Հայկական բաժնի խմբավարական կազմը իր սրտագին շնորհաւորութիւնը կ՛ուղղէ նորանշանակ առաջնորդին, անոր ապահովեցնելով աղօթքներ ու մաղթելով բեղուն առաքելութիւն ի Փառս Աստուծոյ եւ ի նպաստ հայ ազգի ու հայ եկեղեցւոյ բարօրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2018, 12:01