Ֆրանչիսկոս Պապ 2013-ին այցելեց Լամփետուզա կղզին Ֆրանչիսկոս Պապ 2013-ին այցելեց Լամփետուզա կղզին 

Գաղթականներուն համար պատարագ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ։

Սուրբ Պատարագը կը զուգադիպի Ֆրանչիսկոս Պապին Լամփետուզա կղզի կատարած այցելութեան 5-րդ տարեդարձին (8 յուլիս 2013)

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իտալիոյ Լամփետուզա կղզի կատարած  այցելութեան 5-րդ տարեդարձին առիթով, ուրբաթ 6 յուլիս 2018-ի առաւօտեան 11-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ,  200 գաղթականներու ու անոնց խնամք տանող կամաւորներու մասնակցութեամբ, պիտի գլխաւորէ  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը»։ Լուրը կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը նշելով թէ «Սուրբ Պատարագը կը զուգադիպի Ֆրանչիսկոս Պապին Լամփետուզա կղզի կատարած  այցելութեան  5-րդ տարեդարձին (8 յուլիս 2013) ու թէ  արարողութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ աղօթելու բոլոր մահացած գաղթականներուն համար, ինչպէս նաեւ վերապրածներուն համար եւ բոլոր անոնց համար որոնք խնամք կը տանին այդ գաղթականներուն: Մասնակցութիւնը վերապահուած է միայն անոնց որոնք մուտքի ձրի տոմսեր ունին։

Արարողութեան ընթացքին աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած, որ Հայր է եւ որուն համար ոչ մէկը օտարական է ու ոչ մէկը բացառուած է Անոր Հայրութենէն, որպէսզի սիրով նայի գաղթականներուն, փախստականներուն, չարաշահումներու զոհերուն, լքուած ու անպաշտպան  մանուկներուն, ու այս բոլորին ապահովուի օճախի մը եւ հայրենիքի մը ջերմութիւնը ու մեզի պարգեւէ  զգայուն ու վեհանձն սիրտ մը։ Յատուկ աղօթք պիտի կատարուի նաեւ բոլոր անոնց որոնք գաղթականութեան ճանապարհին վրայ իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Ֆրանչիսկոս Պապ արդարեւ 2013-ի յուլիս 8-ին, իր քահանայապետութեան առաջին այցը յատկացուց Իտալիոյ հարաւը գտնուող Լամփետուզա կղզիին, որ վերջին տարիներուն դարձած է փախստականներու եւ գաղթականներու կեդրոնատեղի ու նրբանցք դէպի Եւրոպա։ 

Քահանայապետը անակնկալ կերպով որոշեց այդ այցելութիւնը կատարել աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերու դիտաւորութեան ու յատկապէս Ափրիկէէն նաւաբեկուած ներգաղթի դիմող՝ միջերկրական ծովուն ջուրերուն մէջ կեանքը կորսնցուցած բազմաթիւ զոհերուն համար։

Չորս ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը միջերկրական ծովու ջուրերուն յանձնեց ծաղկեփունջ մը ի յիշատակ այդ ջուրերուն մէջ մահացած հազարաւոր անհատներուն ու ապա կղզիի բացօթեայ տարածքի վրայ մատոյց սուրբ պատարագի զոհը որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ ու գաղթականներ որոնց շարքին նաեւ մահմետականներ։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յստակօրէն դատապարտեց ''անտարբերութեան համաշխարհակայնացումը'' եւ '' ընկերա-տնտեսական որոշումները առնող անանուն իշխանութիւնները որ կը հարթեն ողբերգութեան ճանապարհը''։Ան հուսկ  միեւնոյն ատեն ''ներողութիւն'' հայցեց մարդկային խղճի անտարբերութեան` հանդէպ մարդուն։

«Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ, աշխարհի անգթութեան ու անոնց համար որոնք ընկերա-տնտեսական որոշումներով ճանապարհը կը հարթեն ողբերգութեան» - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ ու ապա եզրափակեց աղօթքով մը որուն մէջ ըսաւ ''Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։'' Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2018, 09:01