Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութիւնները Վատիկանի Ս. Պետրոս Պազիլիքայի հրապարակին վրայ։

Ունկնդրութիւնը կը կոչուի հրապարակային կամ հանրային որովհետեւ բաց է բոլորին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտարարած էր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը,  Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին Քահանայապետական  Հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք դարձեալ կը սկսին  օգոստոս ամսոյն մէջ։

Ունկնդրութիւնը կը կոչուի հրապարակային կամ հանրային որովհետեւ բաց է բոլորին ու որեւէ մէկ հաւատացեալ կարող է մասնակցիլ, ձրիաբար, տոմսի խնդրագիր ներկայացնելով Վատիկանի Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան։

Հրապարակային ունկնդրութիւններ շնորհելու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով՝ 1975-ին։ Ունկնդրութիւնները  տեղի կ ունենան ընդհանրապէս Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին  կամ կլիմայական խիստ պայմաններու բերումով, անոնք կը կատարուին ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը կառուցել տուած էր այս դիտաւորութեամբ։

Ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն օրուան Աւետարանի  ընթերցումով որուն մասին կ՛անդրադառնան զանազան խօսնակներ, տարբեր լեզուներով, ապա  Քահանայապետը կը ներկայացնէ օրուան խորհրդածութիւնը, որ ընդհանրապէս ունի կեդրոնական նիւթ մը, ինչպէս՝ զոր օրինակ, վերջին ամիսներուն  Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ «Սուրբ  Խորհուրդներու»  մասին։ Այս խորհրդածութիւններու  համառօտութիւնը եւս կը ներկայացուի տարբեր լեզուներով։

Նախ քան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը Ֆրանչիսկոս Պապ սովորութիւն ունի ժամանակէն առաջ հասնիլ հրապարակ ու Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարել  հրապարակին, ողջունելով այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, իր գիրկն առնելով ու համբուրելով մանուկները եւ օրհնելով հիւանդներն ու հաւատացեալները։ Սոյն «արարողակարգէն» ետք Քահանայապետը կը բարձրանայ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին զետեղուած ամպիոն, որտեղէն սկիզբ կու տայ ունկնդրութեան։

Ունկնդրութիւնը ընդհանրապէս կը տեւէ մէկէն՝ մէկ ու կէս ժամ ու վերջ կը գտնէ միշտ Հայր մեր աղօթքով ու Քահանայապետին ներկաներուն շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2018, 08:10