Քրաքովիայի Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաք Քրաքովիայի Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաք 

Քրաքովիայի Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին երկրորդ տարեդարձը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նոր սերունդը հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցելու ողորմութեան արկածախնդրութիւնը ապրելու շնորհքը:
Քրաքովիայի ԵՀՕ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 յուլիսին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քրաքովիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ տարեդարձը, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանյապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 31-րդ հաւաքի տօնախմբութիւններուն, որուն բնաբանն էր «Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի ընդունին» (Մատթ. 5, 7)։ 

Քրաքովիա կեցութեան ընթացքին բազմաթիւ եղան Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումները, որոնց ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք «հետք թողելու աշխարհի մէջ»։

«Աշխարհը այսօր պէտք ունի կօշիկներով երիտասարդներու…շարունակեցէք հաւատալ  նոր մարդկայնութեան մը, որ չի ընդունիր ազգերու միջեւ ատելութիւնը եւ քարոզեցէք յոյսը» յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն, հաստատելով թէ «աշխարհը կ՛ուզէ որ դուք ըլլաք դերակատարներ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ առիթը չի կորսնցուց ճամբորդութեան երկրորդ օրը ուխտագնացութիւն կատարելու Չեսթոքովայի Մարեմեան սրբավայրը ուր մատուցեց ճամբորդութեան առաջին պատարագը՝ նուիրուած Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050 տարեդարձին եւ ուր «Սեւ Տիրամօր» մատրան մէջ Աստուածամօր սրբապատկերին նուիրեց ոսկէ ծոց վարդ մը, այնպէս ինչպէս ըրած էին իր նախորդները՝ Պենետիկտոս ԺԶ եւ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

Յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն հետ ունեցաւ իր առաջին հանդիպումը։ Հակառակ ցուրտին ու անձրեւին 187 երկիրներէ ժամանած մէկ միլիոն երիտասարդներ՝ որպէս «ողորմութեան վկաներ»՝ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Քահանայապետը։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա այցելեց «Աստուածային Ողորմութեան» նուիրուած սրբավայրը  ուր կը գտնուի նաեւ Սրբուհի Ֆաուսթինայի դամբանը։ Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց ութը երիտասարդներու ապա փոխադրուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսի նորակառոյց սրբավայրը, ուր լեհ քահանաներու ու կրօնաւորներու հետ միասին մատուցեց սուրբ պատարագը, որուն աւարտին մեծարեց երջանկայիշատակ լեհ քահանայապետի մասունքները, հուսկ կէսօրուան ճաշը կիսեց հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող 13 երիտասարդներու հետ։

«Երջանկութիւնը կը ծլի ողորմութեան մէջ» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց նոր սերունդը Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը՝ ապրելու ողորմութեան արկածախնդրութիւնը։ Արկածախնդրութիւն՝ կամուրջներ կառուցելու ու տապալելու պատնէշները - ըսաւ Քահանայապետը։

Քրաքովիայի արուարձաններու մէջ գտնուող «ողորմութեան դաշտ»ին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց ԵՀՕ աղօթքի հսկումը որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ նշեց թէ Յիսուս պէտք ունի երիտասարդներու ձեռքերուն, շարունակելու համար այսօրուայ աշխարհին կառուցումը։

«Մենք եւս տարեցներս պէտք ունինք ձեզի երիտասարդներուդ, որպէսզի մեզի սորվեցնէք զանազանութեան մէջ ըլլալ համակից, եւ ըմբռնել բազմամշակոյթը ոչ որպէս սպառնալիք  այլ որպէս հնարաւորութիւն»  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ  յաջորդ օրը Վիելիչքայի տարածքին գլխաւորեց ԵՀՕ եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն աւարտին երիտասարդները առաքեց որպէս աշակերտներ ու վկաներ Աստուծոյ ողորմութեան, դիտել տալով թէ ԵՀՕ կը սկսին այսօր ու կը շարունակուին  տուներուն մէջ։

«Աստուած մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու չարէն աւելի հզօր, սիրելով բոլորը, նոյնիսկ թշնամիները» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց «Աշխարհը կարող է ձեզ քննադատել որպէս երազողներ, որովհետեւ կը հաւատք նոր մարդկայնութեան մը որ կը մերժէ ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւնը ու երկիներու միջեւ սահմաններ ու արգելքներ չի տեսներ ապա սեփական աւանդութիւնները կը պահպանէ առանց եսասիրութեան։ Մի յուսալքուիք՝ ձեր ժպիտով ու ձեր  բազկատարած բազուկներով դուք յոյս կը քարոզէք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  զգուշացնելով երիտասարդները՝ «երեւնալու» աշխարհիկ ծէսերէն ու հրաւիրեց զանոնք  կառչելու կայուն կապի մը՝ այն է ունենալ սիրտ մը որ գիտէ միշտ բարին փոխանցել։

Ի վերջոյ նոյն վայրէն առտասանած Մարեմեան Աղօթքէն ետք, Քահանայապետը համայն աշխարհին յայտարարեց թէ յաջորդ ԵՀՕ տեղի պիտի ունենայ՝ 2019-ին, Փանամային մէջ (22-էն- 27 Յունուար) 2019-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2018, 08:00