Սուրբ Պենետիկտոս Սուրբ Պենետիկտոս  (© Musei Vaticani)

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 յուլիսի թուիթը՝ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին առթիւ:

Սուրբ Պենետիկտոս Եւրոպայի պաշպան Սուրբն է, որ է նաեւ մարդկութեան լուսաւոր աստղը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի պաշտպան Սուրբ՝ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին առթիւ, չորեքշաբթի՝ 11 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ մաղթանք յայտնեց, որ Եւրոպան վերագտնէ յոյսը ՝մարդը ընտրելով որպէս հաստատութիւններու կեդրոն  ու այս դիտաւորութեամբ հայցեց Սուրբ Պենետիկտոսին աղօթքը։

«Եւրոպան յոյսը կը վերագտնէ երբ մարդ անհատը կեդրոն է իր հաստատութիւններուն: Սուրբ Պենետիկտոս աղօթէ մեզի համար»: Գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը:

Լուսաւոր աստղ մը՝ խաւար դարու մը մէջ:

Սուրբ Պենետիկտոս ծնած է Իտալիոյ Նորչիա քաղաք՝ 480 թուականին: Ան, Մեծն Գրիգորի կողմէ նկատուած է, որպէս լուսաւոր աստղ մը՝ արժէքներու ծանր տագնապներով բնորոշուած դարու մը մէջ:

Սուրբին ուսուցումները հասած են այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Հռոմէական քաղաքացիութիւնը մեծ անկում արձանագրած էր եւ անոնք հիմնական նկատուցեցան եւրոպական մշակոյթին վերածնունդին:

Սուրբին հեղինակած գիրքերուն շարքին, ամենէն փայլուն եւ հռչակաւորը կը նկատուի վանական կեանքի կանոնագիրքը, որուն մէջ ան  կրօնաւորներուն կը յորդորէ լարել սիրտին ականջը եւ երբեք չի յուսալքուիլ Աստուծոյ ողորմածութենէն:

Հռոմէական կայսրութեան բռնակալ եւ բարբարոսական արաքներով բնորոշուած ժամանակաշրջանին, Սուրբ Պենետիկտոսի բերած նորութիւնը այն եղա, որ պէտք չէ երբեք՝ անհատին ընկերային պայմաններուն նայիլ,  ոչ իսկ անոր հարստութեան, այլ նայիլ անոր որպէս անհատ մը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն:

Սուրբ Պենետիկտոսի ծննդավայրը թիրախ երկրաշարժին:

30 հոկտեմբեր 2016-ին, ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց եւ ցնցեց Սուրբին Նորչիա ծննդավայրը,  փլատակ դարձնելով ամբողջ վայրեր ու գիւղեր՝  ի մէջ այլոց Սուրբին նուիրուած տաճարը: Սակայն Նորչիա քաղաքին բնակիչները, ներշնչուած Սուրբ Պենետիկտոսի քաջութենէն, անոնք շարունակեցին ապրիլ այդ փլատակ շրջաններուն մէջ՝  խրախուսուած վերականգնելու եւ վերածնելու կամքէն:

Պենետիկտեան ջահը: Յոյսի ճրագը:

24 փետրուար 2018-ին, յատուկ եւ տպաւորիչ արարողութեան մը ընթացքին, Պենետիկտեան ջահի կրակը վառուեցաւ Պենետիկտոսի աւերակ տաճարին մէջ, ուրկէ սկիզբ առաւ ջահին ուղեւորութիւնը, հասնելով մինչեւ Պերլին քաղաք, տանելով իր հետ խաղաղութեան եւ միացած եւրոպայի պատգամը:

Նշենք թէ Պենետիկտեան ջահը, 1964էն ի վեր, ամէն տարի կը շրջագայի Եւրոպայի բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ, Սուրբ Պօղոս Զ Պապը, Սուրբ Պետնետիկտոսը, Եւրոպայի պաշտպան սուրբ հռչակելէ ետք, որուն նպատակն է Եւրոպային յիշեցնել իր քրիստոնէական արմատները:

Պենետիկտենան ջահը այս տարի Գերմանիա հասնելէ առաջ՝ օրհնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ, 7 մարտ 2018-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկրութեան ընթացքին եւ որուն շրջագայումը վերջ գտաւ Քասսինօ քաղաքի Պենտիկտեաններու վանքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2018, 13:30