Որոնել

Փալերմօ թեմի ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան նուրած կայքէջը Փալերմօ թեմի ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան նուրած կայքէջը 

Փալերմոյի թեմի նոր կայքէջը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան

Ֆրանչիսկոս Պապ յառաջիկայ 15 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Փալերմոյի թեմը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 15 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին Փալերմոյի թեմին կատարելիք առաքելական այցելութեան ի տես, Փալերմոյի թեմը բացած է յատուկ կայքէջ մը՝ պատմելու համար Նորին Սրբութեան հովուական առաքելութեան մասին եւ հաղորդելու յիշեալ ճամբորդութեան առնչուող լուրեր:

Կայքէջին վրան արդէն հրապարակուած է Նորին Սրբութեան այցելութեան յայտագիրը։

«Ֆրանչիսկոս Պապ կու գայ մեզ հաստատելու սիրոյ մէջ: Այս սիրոյ համար է, որ Հայր Փուլյիզի իր կեանքը զոհեց» յայտնած է Փալերմոյի Թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Քորրատօ Լորեֆիչէ, թեմի հովուական ծառայութեան խորհուրդին անդամներուն հետ ունեցած հանդիպում ընթացքին, որոնք այժմ կը զբաղին Ֆրանչիսկոս Պապին, Հայր Փուլյիզիին մահուան 25րդ տարեդարձին առիթով, թեմին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեամբ:

Գերապայծառ Քորրատօ, վերոյիշեալ կայքէջին վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը գրէ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը՝ Փալերմոյի եկեղեցւոյ համար առիթ պիտի հանդիսանայ հաստատուելու հաւատքի յոյսի եւ մասնաւորապէս եղբայրասիրութեան վկայութեան մէջ: Նորին Սրբութեան այցելութիւնը յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ Փալերմոյի եկեղեցիին, որպէսզի ան կարենայ ընկալել Աւետարանը:

Կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 14 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին դիմաւորելու համար հարիւրաւոր երիտասարդներ պիտի համախմբուին Փալերմօ քաղաքի Փոթիթէամա անուան հրապարակ: Թեմի թուիթերեան կայքէջին վրայ կը յիշուին նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ Բենեդիկտոս Զ. Վաստակաւոր Պապի այցելութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2018, 12:37