Ֆաթիմայի Տիրամայրը Ֆաթիմայի Տիրամայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Նոթր Տամ» խմբակին:

«Եթէ կ՝ուզենք Տէրը փնտռել, պէտք է Զինք որոնել հոն ուր ինք կը փափաքի, որ իրեն հանդիպինք, եւ ոչ թէ հոն ուր մենք կ՝ըղձանք զինք փնտռել»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

16-էն – 21 յուլիսին, Ֆաթիմայի մէջ տեղի կ՝ունենայ Նոթր Տամ խմբակին միջազգային ԺԲ հաւաքը: Այս առթիւ, Փորթուկալի մէջ Պապական նուիրակ՝ Արքեպիսկոպոս Ռինօ Փասսիկաթօ հաւաքին մասնակիցներուն ընթերցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին պատգամը:

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հաւաքին մասնակիցները կ՝անդրադառնայ մեղքի եւ մեղաւորին վիճակին , ապահովեցնելով որ եկեղեցին կը դատապարտէ մեղքը, որովհետեւ ան պէտք է միշտ ճշմարտութիւնը ըսէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ եկեղեցին կ՝ողջագուրէ մեղաւորը երբ այս վերջինը ինքզինք մեղաւոր կը ճանչնայ, շնորհելով անոր Աստուծոյ անհուն ողորմածութիւնը:

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր ակնարկ կը կատարէ անառակ որդիին առակին, յորդորելով որ պէտք է նմանինք մոլորած անառակ որդիին, որ իր Հօր մօտ վերադառնալով կ՝ողջագուրէ զայն ՝ճանչնալով իր որդիին հանգամանքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ կը թելադրէ մեր սրտերուն թոյլ տալ, որ արտայայտուին բացականչելով «Այո, Տէր, ճշմարտութիւն է, ես մեղաւոր եմ, ինքզինքս մոլորած կը զգամ: Տէր, հազար ու մէկ ձեւերով միշտ խուսափած եմ քու սէրէդ սակայն՝ ահա կրկին, հոս կը գտնուիմ վերանորոգելու համար իմ դաշինքս քու հետդ: Քեզի պէտք ունիմ Տէր , սթափեցուր զիս Տէր եւ անգամ մը եւս զիս Քու փրկարար բազուկներուդ մէջ առ : Ապա շեշտը դնելով Աստուծոյ ողորմածութեան վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ, թէ ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ ողորմածութենէն դիտել տալով, որ Քրիստոսի խաչին վրայ բազկատարած ձեռքերը , ցոյց կու տան, որ ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ սէրէն՝ ոչ ալ Անոր ողորմածութենէն: Աստուած երբեք անձնատուր չ՝ըլլար, որ ոչ մէկը կորսուի՝ ըլլայ ան կին , ամուսին, ծնողք կամ զաւակ. Յիսուսի աչքերէն ոչ մէկը յաւիտեան կը կորսուի. կան միայն անձեր , որոնք պէտք են յայտնաբերուին եւ Յիսուս մեզ կը մղէ դուրս ելլելու զանոնք որոնելու համար,  կը գրէ Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը կ՝աւարտէ յայտնելով «Եթէ կ՝ուզենք Տէրը փնտռել, պէտք է Զինք որոնել հոն ուր Ինք կը փափաքի, որ Իրեն հանդիպինք, եւ ոչ թէ հոն ուր մենք կ՝ըղձանք Զինք փնտռել»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2018, 10:45