Խումբ մը դպիրներու լուսանկար Խումբ մը դպիրներու լուսանկար 

Աւելի քան 60 հազար դպիրներ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին:

Դպիրներու ուխտագնացութեան յայտագիրը իր գագաթնակէտին կը հասնի ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 31 յուլիսին, Հռոմ մայրաքաղաքը կ՝արթննայ ուրախութեան եւ հրճուանքի մթնոլորտի մէջ, ականատես ըլլալով աշխարհի զանազան երկիրներէն հասած աւելի քան 60 հազար դպիրներու , որոնք յաւիտենական քաղաք եկած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու դպիրներու միջազգային 12-րդ ուխտագնացութեան, որուն կարգախօսն է «որոնէ խաղաղութիւնը եւ հետապնդէ զայն» քաղուած՝ սաղմոսարանէն:

Դպիրներուն միջազգային ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 13 երկիրներէ,  13էն 23 տարիք ունեցող երիտասարդներ, որոնց մեծամասնութիւնը՝ աւելի քամ 50 հազար դպիդներ հասած են Գերմանիայէն, ընկերակցութեամբ իրենց հոգեւոր առաջնորդին, գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, երիտասարդներու յանձնախումբին նախագահ՝ գերապայածառ Շթեֆան Օսթերին:

Ուխտագնացութեան յայտագիրը կ՝ընդգրկէ հոգեւոր, մշակութային ծրագիրներ, որոնց ծիրէն ներս կազմակերպուած են ծիսական արարողութիւններ, հասարակաց աղօթքի պահեր, խոստովանանքի խորհուրդի մօտեցում, շրջապտոյտներ, ինչպէս նաեւ Հռոմի աւելի քան 300 վայրերուն մէջ նախատեսուած են երիստաասարդներուն միջեւ հանդիպումի պահեր ՝ կիսելու համար իրենց կեանքի փորձառութիւնները:

Դպիրներուն ուխտագանացութեան յայտագիրը ունի երկու կարեւոր պահեր. առաջին հանդիպում ֆրանչիսկոս Պապին հետ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, որ կը զուգադիպի Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր, Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնին: Երկրորդ մասնակցութիւն ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան:

Արդարեւ այսօր՝ երեքշաբթի, յուլիս 31-ին,  երեկոյեան ժամը 6,00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը հանդիպի աւելի քան 60 հազար դպիրներուն, որուն սկիզբը Սրբազան Հայրը կը պատասխանէ երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած կարգ մը հարցումներուն, ապա կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Իսկ վաղը՝ չորեքշաբթի, օգոստոս 1-ին, դպիրներուն միջազգային ուխտագնացութիւնը հասնելով իր գագաթնակէտին, աւելի քան 60 հազար երիտասարդ դպիրները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կը մասնակցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան:

«Որոնէ խաղաղութիւնը եւ հետապնդէ զայն» կարգախօսով դպիրներու միջազգային ուխտագնացութիւնը կ՝եզրափակուի՝ ուրբաթ 3 օգոստոս 2018-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2018, 11:52