Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը գաղթականներուն նուիրուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Գաղթականութեան հարցին միակ պատասխանը զօրակցութեան պատասախանն է: Ֆրանչիսկոս Պապ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Լամբետուզա կղզի այցելութեան 5-րդ տարեդարձին առիթով, ուրբաթ 7 յուլիս 2018-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ մատուցեց Սուրբ Պատարագ՝ ներկայութեամբ աւելի քան 200 գաղթականներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը մէջբերեց Ամվոս մարգարէէն քաղուած հատուած մը.

«Ով դուք որ տնանկը՝կլլել ու երկրին աղքատները կորսնցնել կը ցանկաք.  ահա օրեր կու գան երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, այս Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը» : (Ամովս 8, 4.11)

Ան ապա յայտնելով, որ Ամովս մարգարէին նախազգուշացումը, այսօր եւս այժմէական է, դիտել տուաւ, որ մեր օրերուն ինչքան աղքատներ ոտնակոխուած են, ինչքան մանուկներ ջարդուած են, ընդգծելով,  որ այս բոլորը զոհ են բազմաթիւ անգամ դատապարտուած մեկուսացումի մշակոյթին:

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ գաղթականներուն եւ փախստականներուն, որոնք կը շարունակեն բախել ազգերու դռները, ազգեր որոնք կը վայելեն առաւել բարեկեցութիւն :

Ան ապա յիշելով 5 տարի առաջ Լամբետուզա կատարած այցելութիւնը, յարեց թէ ինք նաւաբեկութեան զոհերը մտաբերելով, յաճախ կրկնած է բազմամեայ մարդկային պատասխանատուութեան կոչը «ո՞ւր է քո եղբայրը» դիտել տալով որ այս հարցումը

ուղղուած չէ ուրիշներուն այլ հարցում մըն է ուղղուած ինծի, քեզի, իւրաքանչիւրիս, որուն պատասխանները նոյնիսկ եթէ վեհանձն եղած են սակայն բաւարար չեն եւ ասոր համար է, որ այսօր կը շարունակենք ողբալ հազարաւոր մեռեալներուն դիմաց :

Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց օրուան աւետարանին մէջ գրուած Յիսուսի հրաւէրը « ինծի եկէք, դուք ամէնքդ, որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի»: (Մատթ 11, 28): Ան նշեց, թէ Տէրը հանգստութիւն եւ ազատութիւն կը խոստանայ բոլոր աշխարհի ընկճուածներուն, սակայն Տէրը պէտք ունի մեզի՝ արդիւնաւէտ դարձնելու համար իր Խոստումը: Տէրը պէտք ունի մեր աչքերուն՝ նայելու համար մեր եղբայրներուն եւ քոյրերու կարիքներուն: Տէրը պէտք ունի մեր բազուկներուն՝ օգնութեան հասնելու համար: Պէտք ունի մեր ձայնին՝ դատապատրելու համար լռութեան մէջ գործուած անիրաւութիւնները՝ յաճախ շատերու մեղսակցութեամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց լռութեան դիտել տալով, որ Տէրը ամենէն շատ պէտք ունի մեր սրտին՝ բացայայտելու համար Աստուծոյ ողորմածութեան սէրը՝ յետիններուն , լքուածներուն, աքսորեալներուն նկատմամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ ակնարկելով այսօրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին, ուր Յիսուս կը յանդիմանէ փարիսեցիները ըսելով՝ «գացէք եւ սորվեցէք ինչ կը նշանակէ ողորմութիւն կ՝ուզեմ եւ ոչ զոհ» ( Մաթէ 9. 13) յարեց,  թէ այսօրուան գաղթականութեան մարտահրաւէրներուն միակ զգալի պատասխանը՝ աջակցութեան եւ ողորմածութեան պատասախանն է , պատասխան մը , որ շատ չի հաշուարկեր այլ կը պահանջէ պատասխանատուութեան հաւասար բաժանում, հարազատ եւ անկեղծ այլընտրանքներու գնահատում եւ խոհեմ մատակարարում :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց արդար քաղաքականութեան վրայ ըսելով «Արդար քաղաքականութիւնը գիտէ ինքզինք տրամադրել անհատի ծառայութեան, ինչպէս նաեւ կարիք ունեցող բոլոր անձերու ծառայութեան: Արդար քաղաքականութիւնը կը նախատեսէ պատշաճ լուծումներ՝ երաշխաւորելու համար ապահովութիւնը, իրաւունքներուն յարգանքը եւ բոլորին արժանապատուութեան յարգանքը: Արդար քաղաքականութիւն մը գիտէ նայիլ իր երկրի բարիքին, հաշուի առնելով այլ երկիրներուն բարիքը՝ աշխարհի մը մէջ, որ միշտ առ աւելիով իրար զօդուած է: Այս է աշխարհը, որուն երիտասարդները կը նային, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  Ան ապա քարոզը եզրափակելէ առաջ սպաներէն լեզուով խօսքը ուղղեց սպանախօս գաղթականներուն ողջունելով զանոնք եւ յայտնելով, որ անոնց հետ ուզեց նշել Լամբետուզա այցելութեան 5-րդ տարեդարձը, հայցելով Սուրբ Հոգիէն, որ լուսաւորէ մեր միտքը եւ հրահրէ մեր սիրտը՝ շրջանցնելու համար ամէն վախերն ու անձկութիւններ եւ մեզ փոխակերպէ ՝Հօր ողորմածութեան հլու գործիքներու, միշտ պատրաստ՝ մեր կեանքը տալու եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոսը ըրաւ մեզի իւրաքանչիւրիս համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2018, 11:54