Որոնել

Խաղաղութեան աղօթքի ու խորհրդածութեան օր Միջին Արեւելիքի համար Խաղաղութեան աղօթքի ու խորհրդածութեան օր Միջին Արեւելիքի համար 

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պարի կատարած ճամբորդութիւնը։

«Խաղաղութեան աղօթքի ու խորհրդածութեան օր Միջին Արեւելիքի համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 յուլիս 2018-ի երեկոյեան 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Պարի քաղաքէն  ու ողջունելէ ետք քաղաքին եւ Փուլիա մարզի տեղական քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները, ինքնաթիռ բարձրացաւ վերադարձ կատարելու համար Վատիկան ուր ժամանեց 17.15-ին, վերջ տալով Միջին Արեւելքի համար աղօթքի ու խորհրդածութեան յատուկ օրուան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին աղօթելով Միջին Արեւելիքի քրիստոնեաներուն համար ու Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։

Օրը սկիզբ առած էր առաւօտեան կանուխ Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքայի գետնադամբանի այցելութեամբ, ուր կը հանգչին սուրբին մասունքները եւ ուր Քահանայապետն ու պատրիարքները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ու հայցեցին Արեւելեան աշխարհէն եկած սուրբին բարեխօսութիւնը, ապա Պարիի ծովեզերքի վրայ տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթք, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացնելով առ Ամենակալ Աստուած, Միջին Արեւելքին համար հայցեց խաղաղութիւնը։

Համամիութենական աղօթքի ձեռնարկին յաջորդեց ապա եկեղեցական Հովուապետերու միջեւ դռնփակ հանդիպում մը, Սուրբ Նիկողաոսի անուան պազիլիքային մէջ, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը, Պազիլիքայի մուտքին, եզրափակիչ խօսք մը ուղղեց, հրաւիրելով Մարդկութիւնը  անսալու Միջին Արեւելքի մանուկներու ճիչին։ «Անոնց արցունքները սրբելով աշխարհը կը վերագտնէ արժանապատուութիւնը» - ըսաւ Ան  ու շեշտեց «Թող որ Միջին Արեւելքը դարրի պատերազմի  աղեղ ըլլալէ ու դառնայ  խաղաղութեան աղեղ»։

Նորին Սրբութեան արտասանած եզրափակիչ խօսքէն ետք բոլոր եկեղեցականները  հիւրը հանդիսացան Պարիի առաջնորդարանին մէջ կայացած եղբայրական ագապին, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առաւ Պատրիարքներէն եւ ուղղուեցաւ ինքնաթիռ վերադարձ կատարելու համար Վատիկան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 17:29