Որոնել

Համամիութեան աղօթք Համամիութեան աղօթք 

«Միջին Արեւելք մը առանց Քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք ըլլալէ կը դադրի». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աղօթենք միացած՝ հայցելու Երկնքի Տիրոջմէ այդ զօրեղ խաղաղութիւնը որ երկրի հզօրները տակաւին չի կարողացան ձեռք բերել

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 7 յուլիս 2018-ի առաւօտեան 9.30-ին, Պարիի ծովեզերքի տարածքին, տեղի ունեցաւ խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական աղօթք որուն Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետերը։

Ողջոյնի խօսքով աղօթքի բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ, ուխտագնացութեամբ եկանք Պարի, պատուհան մը բացուած Միջին Արեւելքին վրայ, մեր սրտերուն մէջ կրելով մեր եկեղեցիները, մեր ժողովուրդը ու բազմաթիւ այն անձերը որոնք կ՛ապրին մեծ տառապանք։ Անոնց կ՛ըսենք. «Մենք ձեզի մօտ ենք»։

Սիրելի եղբայրներ, ի սրտէ շնորհակալութիւն  պատրաստակամութեամբ ու վեհանձնութեամբ այստեղ ժամանելուն համար եւ շնորհակալ եմ նաեւ ձեզի բոլորիդ որ մեզ կը հիւրընկալէք այս քաղաքին մէջ որ է հանդիպումի եւ հիւրընկալութեան քաղաք։

Մեր այս միասնական ուղեւորութեան վրայ մեզի թիկունք կը կանգնի Աստուածամայրը։ Այստեղ կը հանգչին Սուրբ Նիկողայոսի մասունքները որմէ կը հայցենք բարեխօսութիւնը բժշկելու համար վէրքերը, որոնք շատեր կը կրեն ներքնապէս։ Այստեղ մենք մեզ կը զգանք մղուած ապրելու օրը՝ սրտով եւ մտքով ուղղուած Միջին Արեւելքին, քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ եւ միաստուածեան մեծ կրօններու օրրան։

Այնտեղ է որ մեզի եկաւ այցելելու Տէրը։ Այնտեղէն համայն աշխարհի մէջ տարածուեցաւ հաւատքի լոյսը։ Այնտեղ ծնունդ առին վանականութեան ու հոգեւորականութեան թարմ աղբիւրները։ Այնտեղ կը պահպանուին առանձնայատուկ ու հինաւուրց ծէսեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր արուեստի եւ աստուածաբանութեան անգնահատելի գանձերը, այնտեղ կը բնակի Հաւատքի Հայրերու ժառանգութիւնը։ Այս աւանդութիւնը գանձ մըն է որ պէտք է պահպանենք մեր բոլոր ուժերով, որովհետեւ Միջին Արեւելքին մէջ կը գտնուին մեր հոգիներու արմատները։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա վերջին ժամանակներուն տարածաշրջանին ապրած խաւար պահերուն, պատերազմներուն, բռնութիւններուն, աւերներուն, ծայրայեղականութեան արարքներուն ու բռնի գաղթականութեան, հաստատելով թէ «այս ամէնը կը  կատարուին լռութեան մէջ ու շատերու մեղսակցութեամբ»։

«Վտանգ կայ որ հաւատքի մեր եղբայրներու եւ քոյրերու ներկայութիւնը բնաջինջ ըլլայ ու խաթարուի տարածաշրջանի դիմագիծը, որովհետեւ Միջին Արեւելք մը առանց Քրիստոնեաներու՝ Միջին Արեւելք ըլլալէ կը դադրի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց օրուան տօնախմբութեան որ, կը սկսի, ըսաւ Ան, աղօթքով որպէսզի աստուածային լոյսը փառատէ աշխարհին խաւարը։ Մենք կ՛ուզենք միասին վարել յոյսի բոց մը։ Քրիստոնեանրը աշխարհի լոյս են, ու անոնք չեն վհատիր մթութեան մէջ ու յոյսի պատրոյգը կը սնուցանեն աղօթքի եւ սիրոյ իւղով։

Աղօթենք միացած՝ հայցելու Երկնքի Տիրոջմէ այդ զօրեց խաղաղութիւնը որ երկրի հզօրները տակաւին չի կարողացան ձեռք բերել։ Թող որ ամենուրէք հնչէ սաղմոսերգուին խօսքը «Քու վրադ խաղաղութիւնը»։ Տառապող մեր եղբայրներուն համար, ու ամէն մէկ ժողովրդի ու հաւատքի բարեկամներուն համար կրկնենք. «Քու վրադ խաղաղութիւնը» ու յատկապէս Երուսաղէմին՝ Աստուծմէ սիրուած ու մարդոցմէ վիրաւորուած սուրբ երկրին համար հայցենք «Քու վրադ խաղաղութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը ու ընդգծեց «թող խաղաղութիւն ըլլայ» ճիչը, ճիչն է բազմաթիւ այն Աբէլներուն որ կը բարձրանայ դէպի Աստուած ու չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ որ Կայէնի նման անտարբեր մնանք, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք հանդիսանալ այն ձայնը որ կը հակասէ անտարբերութեան ոճիրը։ Մենք կ՛ուզենք ձայն տալ անոր որ ձայն չունի, անոր որ կարող է միայն արցունք դափել, որովհետեւ Միջին Արեւելքը այսօր արտասուքի մէջ է, կը տառապի լռելեան, մինչ ուրիշներ զայն ոտնակոխ կ՛ընեն, իշխանութեան ու հարստութեան ձգտումով։

Փոքրիկներուն, պարզերուն, վիրաւորներուն, ու բոլոր անոնց որոնց մօտիկ է Աստուած, աղաչենք «խաղաղութիւն թող ըլլայ»։

Բոլոր մխիթարութիւններու Աստուածը որ կը բուժէ կոտրած սրտերը ու կը խնամէ վէրքերը՝ լսէ մեր այս աղօթքը - ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը, որմէ ետք կարգով իրար յաջորդեցին Պատրիարքները որոնցմէ ամէն մին իր ծիսական լեզուով արտասանեց խաղաղութեան համար աղօթք մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 09:35