Ֆրանչիսկոս Պապ: Տուպլինի ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք Ֆրանչիսկոս Պապ: Տուպլինի ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք 

Ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքի Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պատարագի տոմսերը սպառած են։

2018-ին, ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումի որպէս վայր ընտրուած է Իրլանտայի Տուպլին մայրաքաղաքը, որուն նիւթն է « Ընտանիքի աւետարանը՝ աշխարհի համար ուրախութիւն»:

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

Տուպլինի մէջ կայանալիք Ընտանիքներու Համաշխարհային Հաւաքին ծիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապին նախատեսուած սուրբ Պատարագի արարողութեան անվճար տոմսերը արդէն իսկ սպառած են: Յայտնենք՝ թէ աւելի քան 500 հազար տոմսեր տրամադրուած էին՝ անցեալ 25 յունիսէն: Այս մասին կը յայտնէ Ընտանիքներուն Համաշխարհային Հաւաքի ձեռնարկին հաղորդամիջոցներուն կեդրոնը:
Ընտանիքներուն Համաշխարհային Հանդիպումի ընդհանուր քարտուղար Հայր Թիմոթի Պարլելլթ, անդրադառնալով տոմսերուն սպառումին, կը յայտնէ թէ ընտանիքներուն հաւաքին բոլոր միջոցառումները ուղղակիօրէն պիտի սփռուին եւ բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններուն ու թեմերու մէջ հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին՝ հաւատացեալներ մասնակից դարձնելու համար Տապլինի համաշխարհային հաւաքին:
Նշենք, թէ ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքի ծրագիրը սկիզբ առած է 1994-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին խնդրանքով՝ ուղղուած Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհորւդին, որ կազմակերպուին միջազգային աղօթքի, տօնակատարութեան եւ քրիստոնէական վարդապետութեան հանդիսութիւններ, ունենալով որպէս նպատակ ընտանիքներուն միջեւ կապերու ամրապնդում ինչպէս նաեւ ամուսնութեան ու ընտանիքի կարեւորութեան վկայութիւն:
2018-ին, ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումի որպէս վայր ընտրուած է Իրլանդայի Տուպլին մայրաքաղաքը, որուն նիւթն է « Ընտանիքի աւետարանը՝ աշխարհի համար ուրախութիւն»:
Յիշեալ միջոցառումին պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իրլանտայի բոլոր թեմերէն ներս՝ 21 օգոստոսին:
Մինչ՝ 22էն – 24 օգոստոսին պիտի գումարուի վեհաժողով, որուն ամենօրեայ խորհրդածութեան նիւթ պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ առաջարկուած նիւթեր :
Վեհաժողովի ծիրէն ներս ամէն օր պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, տեղի պիտի ունենան հասարակաց աղօթքի պահեր, ինչպէս եւ մշակութային եւ երաժշտական ելոյթներ: Հուսկ՝ շաբաթ օր նախատեսուած է ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը Տապիլին, ուր Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիսապետէ ու նախագահէ ընտանիքներու փառատօնին, որուն ընթացքին՝ ուրախալիր մթնոլորտի մէջ տեղի պիտի ունենան աղօթքի պահեր, երաժշտական յատուկ ելոյթներ եւ հաւատացեալներուն միջեւ հաւատքի վկայութիւններ:
Կիրակի, 26 օգոստոսին, վերջ կը գտնէ Տապլինի Ընտանիքներու Համաշխարհային Հաւաքը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութեամբ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2018, 09:46