Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Սարայեւոյի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սարայեւոյի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածաբաններուն՝«հասարակաց ճակատագիրի բաժնեկիցներ»:

Սարայեւօ քաղաքը հարուստ է խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ուղեւորութեան խորհրդանշային արժէքներով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 27 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց, 26 էն 27 յուլիս, 2018-ին, Սարայեւոյի մէջ գումարուած Catholic Theological Ethics in the World Church միջազգային 3-րդ գիտաժողովին մասնակիցներուն, որուն նիւթն է «կամուրջներ կառուցել ճգնաժամ.կաթողիկէ բարոյական Աստուածաբանութիւնը այսօր»:

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները անդրադարձաւ գիտաժողովի վայրին՝ Սարայեւօ քաղաքին, յայտնելով որ այդ քաղաքը հարուստ է խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ուղեւորութեան խորհրդանշային արժէքներով, քաղաք մը ուր հակամարտութեան սարսափը յոյժ տառապանք պատճառած է տարածաշրջանի ժողովուրդներուն :

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ նաեւ որ Սարայեւոն կամուրջներու քաղաք է, որ ներշնչումի աղբիւր եղած է գիտաժողովին, որ կը ձգտի վերակառուցել ժողովուրդներու, մշակոյթներու, կրօններու, կեանքի տեսլականներու, քաղաքական հեռանկարներուն միջեւ կապերը՝ հակամարտութիւններով բնորոշուած միջավայրի մէջ:

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ գիտաժողովին նիւթին ՝«ոչ պատնէշներ այլ կամուրջներ» նկատել տալով որ այս մասին ինք յաճախ անդրադարձած է այն յոյսով, որ աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ ուշադրութիւն դարձուի այս շտապ կարիքին, որուն աշխարհը շատ կարիքը ունի:

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց գիտաժողովին երեք կարեւոր կէտերուն յայտնելով, որ անոնք կը խաչաձեւին կամուրջներ կառուցել ուղիներուն՝ ճգնաժամային ժամանակաշրջանի մէջ, անդրադառնալով նաեւ բնապահպանութեան հարցին, նշելով որ բնապահպանութիւնը իր մէջ կը պարունակէ երեւոյթներ, որոնք կրնան ծանր հետեւանքներ պատճառել ոչ միայն մարդու եւ բնութեան միջեւ կապերուն, այլեւ ժողովուրդներուն, սերունդներու միջեւ յարաբերութիւններուն, կարեւորելով ընկերային բարոյականութիւնը, ինչպէս նաեւ անձերու եւ հաստատութիւններու վերանորոգուած առաջնորդութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց որ պէտք չկայ աղմկալի յայտարարութիւններուն, որոնք յաճախ ապարդիւն կը մնան, պէտքը չկայ աւելի զօրաւոր դերակատարներուն միջեւ մրցակցութեան, այլ կարիքը կայ առաջնորդութեան մը, որ կ՝օգնէ բացայայտելու եւ ապրելու աւելի արդար աշխարհ մը, որուն մէջ բոլորս մասնակիցներ ենք եւ ունինք հասարակաց ճակատագիր:

Ֆրանչիսկոս գիտաժողովին մասնակիցներուն յորդորեց աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ անձերու եւ հաստատութիւններուն միջեւ համացանց ստեղծել՝ Աստուածաբանական բարոյականութեան ուսումնասիրութեան համար : Ան անհրաժեշտ նկատեց կամուրջներու կառուցումը, ուղեւորութիւններուն կիսումը եւ արագացնել մօտեցումի գործընթացը, ընդգծելով որ այս չի նշանակեր տեսակէտներու միաձեւում, այլ կը նշանակէ անկեղծ կամքով դիտաւորութիւններուն մերձեցում:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց անդրանալով կազմակերպութեան տասնեակ տարիներու փորձառութեան եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գումարած գիտաժողովներուն, մաղթելով անոնց շարունակել այդ ուղղութեամբ, եւ իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհեց գիտաժողովի մասնակիցներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2018, 11:58