Որոնել

Պարիի մէջ համամիութենական աղօթք Պարիի մէջ համամիութենական աղօթք 

Պարիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ խօսքը։

Միջին Արեւելքէն թող փարատի պատերազմի, իշխանութեան, բռնութեան , կրօնամոլութեան, անհաւասար շահերու խաւարը եւ այնտեղ հաստատուի խաղաղութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պարիի ծովեզերեան տարածքին կայացած խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքէն ետք, բոլոր հովուապետերը վերադարձ կատարեցին Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքա, ուր տեղի ունեցաւ դռնփակ առանձնական զրոյց մը, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Պազիլիքայի մուտքին արտասանեց օրուան եզրափակիչ խօսքը, որուն մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ապրուած բաժնեկցութեան հոգիին համար, որ ըսաւ Ան «բացայացտեց քրիստոնեաներու մեր ներկայութիւնը միջին արեւելքէն ներս» որ է մարգարէական եւ կը վկայէ Յիսուսը՝ խաղաղութեան իշխանը»:

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ ,որ եկեղեցին նաեւ փորձութեան ենթարկուած է աշխարհին տրամաբանութենէն, ինչպէս նաեւ իշխանութեան, շահի, օգուտի տրամաբանութենէն, այս ծիրէն ներս ընդգծելով դէպի Աւետարան դարձի կարիքը։

« Սիրոյ համար խաչուած եւ Յարութիւն առած Յիսուսի բարի լուրը հասաւ Միջին արեւելքի երկիրներէն ու դարերու հոլովոյթին նուաճեց մարդուն սիրտը, որովհետեւ ան կապուած չէ աշխարհի զօրութիւններուն այլ անզէն խաչի զօրութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով ,թէ «Աւետարանը մեզ յանձնառու կը դարձնէ առօրեայ դարձի մը՝ Աստուծոյ ծրագիրներուն ու Անոր մէջ գտնելու ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը եւ Յիսուսը աւետելու բոլորին։
«Մէկը միւսէն քաջալերուած եղբայրաբար զրուցեցինք» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Սուրբ Նիկողայոսի Պազիլիքային մէջ կայացած հանդիպումին զայն նկատելով «նշան , որ պէտք է միշտ փնտռել հանդիպումն ու միութիւնը՝ տարբերութիւններու վախէն անդին, ու պէտք է մշակել նաեւ խաղաղութիւնը, որովհետեւ այսօր՝ դժբախտաբար այլընտրանք չկայ խաղաղութեան հաստատեց Սրբազան Պապը արտայայտելով ներկաներուն յանձնառումը՝ քալելու, աղօթելու ու գործելու միասին ու հայցելու , որ հանդիպումի արուեստը գերակշռէ բախումի ռազմավարութիւններուն ու մարդիկ սկսին հոգ տանիլ մէկը միւսին, եւ որպէսզի ոչ մէկուն պակսի հաց, աշխատանք, արժանապատուութիւն եւ յոյս ու այնպէս պատահի, որ պատերազմի ճիչերը դառնան խաղաղութեան երգեր։
Այս իրականացնելու համար ֆրանչիսկոս Պապ էական նկատեց, որ իշխանութեան գլուխ բոլոր մարդիկը վերջնականապէս եւ վճռականօրէն իրենց զիրենք դնեն խաղաղութեան իսկական ծառայութեան , խուսափելով անձնական շահերու փնտռտուքէն։
Պատերազմը այն ժանտախտն է, որ կը յօշոտէ այդ սիրեցեալ տարածաշրջանը, որուն թիրախներն են խեղճ ժողովուրդները յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով Միջին Արեւելքի բնակիչներուն ապրած տառապանքին, թշուառութիւններուն, հալածանքներուն եւ ամէն տեսակ բռնութիւններուն, այս ծիրէն ներս հաստատելով թէ «Պատերազմը զաւակն է իշխանութեան եւ աղքատութեան» ու դիտել տալով որ պատերազմը կը յաղթահարուի լոկ՝ հրաժարելով գերիշխանութեան տրամաբանութիւններէն եւ արմատախիլ ընելով թշուառութիւնները:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց որ բազմաթիւ պատերազմներ՝ գրգռուած ծայրայեղական եւ կրօնամոլութեան ձեւերէն, զգեստուած են կրօնային յաւակնութիւններէն, իրականութեան մէջ Աստուծոյ անունով հայհոյանք կը նկատուի որ կը հալածէ իր մօտ միշտ ապրած եղբայրը :

Ան ընդգծեց , որ չէ կարելի բացականչել խաղաղութիւն, մինչ անդին ծածուկէն զինամթերք կ՝ամբարենք, յորդորելով վերյիշել ու չի մոռնալ նախորդ դարու դասերը՝ Հիրոշիման եւ Նակասաքին եւ խուսափիլ ՝ միջին արեւլքի երկիրներուն մէջ ծագած խաղաղութեան Բանը վերածելէ լռութեան խաւար տարածքներուն:
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ խաղաղութեան արահետները բանալու համար պէտք է հայեացքը սեւեռել անոր՝ որ կը սպասէ ուրիշներուն հետ ապրիլ եղբայրաբար» այս ուղղութեամբ կոչ ուղղելով պաշտպանել համայն ներկայութիւնները եւ ոչ միայն մեծամասնութիւնները ու Միջին Արեւելիքին մէջ եւս հաստատուի հասարակաց քաղաքացիութեան իրաւունքի ուղին, վերանորոգուած ապագայի ուղին: Որովհետեւ ըսաւ Սրբազան Պապը քրիստոնեաները եւս լիիրաւ քաղաքացիներ են եւ ունին հաւասար իրաւունքներ։
Անդրադառնալով երուսաղեմ քաղաքին, ուր սեւեռուած է բոլորին հայեացքը Սրբազան Հայրը երուսաղեմը նկատեց բոլոր ժողովուրդներուն քաղաք, քրիստոնեաներուն համայն աշխարհի հրէաներու եւ եւ մահմետականներու համար միակ եւ սուրբ քաղաք, որուն ինքնութիւնն ու կոչումը պէտք են պահպանուիլ բախումներէ եւ վիճաբանութիւններէն եւ որուն կարգավիճակը «Սթաթուս Քուօն» պէտք է յարգուի միջազգային ընտանիքի կողմէ որդեգրուած որոշումին հիման վրայ: ։ Միայն բանակցային լուծում մը՝ ընդդմէջ Իսրայէլցիներուն եւ Պաղեստինցիներուն, կարող է տանիլ դէպի մնայուն ու կայուն խաղաղութիւն եւ երաշխաւորել երկու պետութիւններու ու երկու ժողովուրդներու համակեցութիւնը, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսքը կեդրոնացուց յոյսի վրայ ըսելով.
«Յոյսը ունի մանուկներու դիմագիծ: Միջին արեւելքի մէջ տարիներէ ի վեր անթիւ փոքրիկներ կը ողբան ընտանիքի մէջ բռնի մահեր եւ անոնք ականատես են իրենց հողերուն բռնագրաւումներու, ստէպ փախչելու լոկ հեռանկարով» ըսաւ Սրբազան Պապը այս մէկը նկատելով «յոյսին մահը»: Անթիւ մանուկներուն աջուկները, իրենց կեանքի մեծ մասը անցուցին դիտելով աւերներ փոխան դպրոցին, լսելով ռումբերու թնդիւնը փոխան իրենց խաղալիքներուն ուրախ աղմուկին: «Թող մարդկութիւնը անսայ այդ մանուկներուն ճիչին, որոնց բերանները կը հռչակեն Աստուծոյ փառքը: Եւ անոնց արցունքները սրբելով է, որ աշխարհը պիտի վերագտնէ արժանապատուութիւնը» յարեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց մտաբերելով մանուկները ու ակնարկելով պահ մը ետք, աղաւնիներուն ազատ արձակումին, որոնք կը խորհրդանշեն «խաղաղութեան իղձը» ըսաւ Ան մաղթելով, որ խաղաղութեան ձգտումը ՝ խաւար ամպերէն աւելի բարձր երթայ ու բոլորին սրտերը միացած՝ ուղղուած ըլլան դէպի երկինք, սպասելով՝ ինչպէս ջրհեղեղի ժամանակ, որ վերադառնայ յոյսի անուշ զեփիւռը:
Թող որ Միջին արեւելքին մէջ դադրի պատերազմի աղեղ ըլլաը ու դառնայ խաղաղութեան աղեղ յարեց Նորին Սրբութիւնը մաղթելով որ
Սիրելի միջին արեւելքէն փարատի պատերազմի , իշխանութեան, բռնութեան , կրօնամոլութեան, անհաւասար շահերու, շահագործութեան, աղքատութեան, անհաւասարութեան եւ իրաւունքներուն ճանաչումի բացակայութեան խաւարը եւ այնտեղ հաստատուի խաղաղութիւն։

«Քու վրայ ըլլայ խաղաղութիւն»- քու մէջ արդարութիւն եւ քու վերեւդ բազմի Աստուծոյ օրհնութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով իր խօսքը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 13:40