Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը 

Լիթուանիա, Լաթվիա եւ Էսթոնիա Պալթեան երեք երկիրներու առաքելական այցի յայտագիրը

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան երեք երկիրներուն առաքելական ճամորդութեան յայտագիրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

22-էն-25 սեպտեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի այցելէ Պալթեան երեք երկիրներ՝«Լիթուանիա, Լաթվիա եւ Էսթոնիա: Այս մասին յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց այցելութեան յայտագիրը:

Նորին Սրբութեան չորսօրեայ այցելութիւնը սկիզբ կ՝առնէ շաբաթ, 22 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7,30-ին, երբ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի «Ֆիումիչինօ» միջազգային օդակայէն թռիչքով կը մեկնի դէպի Լիթուանիոյ Վիլնիուս մայրաքաղաք:

Երկու ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը Ժամը 11, 30 ին վայրէջք կը կատարէ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք՝ ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Պապը կը փոխադրուի Լիթուանիոյ նախագահական պալատ, ուր նախ հանդիպում կ՝ունենայ Լիթունաիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ ապա՝ երկրի քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը:

Յետմիջօրէին՝ 4,30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ «Ողորմութեան Մայր»անուան սրբավայրը եւ հոն հանդիպում կ՝ունենայ երիտասարդներուն հետ՝ նախագահելով այս առթիւ կազմակերպուած յատուկ աղօթքի արարողութեան:

Կիրակի 23 սեպտեմբերին, Լիթուանիոյ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, Նորին Սրբութեան օրակարգը կ՝ընդգրկէ Լիթուանիոյ Քաունաս քաղաք այցելութիւնը, ուր նախատեսուած է Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագ, կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթք եւ խորհրդածութիւն:

Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրուան ճաշը կը կիսէ քաղաքի կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ՝ երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, որմէ ետք Ան կը հանդիպի նաեւ կղերական դասի անդամներուն՝ քահանաներուն, կրօնաւոր , կրօնաւորուհիներուն եւ նորընծաներու հետ ՝Քաունաս քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝այցելէ Վիլնիուս քաղաքի «ազատութեան ի սպաս պայքարներու» թանգարանը ուր նախատեսուած է Նորին Սրբութեան աղօթք մը, որով վերջ կը գտնէ Լիթուանիոյ երկրորդ օրուան յայտագիրը:

Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին, ֆրանչիսկոս Պապ միօրեայ այցելութեամբ կը փոխադուի Լաթվիայի Ռիկա մայրաքաղաք, ու երեկոյեան կը վերադառնայ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք՝ հոն գիշերելու համար:

Լաթվիոյ միօրեայ յայտագիրը կ՝ընդգրկէ հանդիպում հանրապետութեան նախագահին ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմին անդամներուն հետ ,ազատութեան յուշակոթողին մօտ ծաղկեպսակի զետեղում, համամիութենական հանդիպում

«Ռիկաս Տոմս» անուան կառոյցին մէջ, ապա այցելութիւն «Սան Ճագոմօ» անուան տաճար, որմէ ետք ճաշ եպիսկոպոսներուն հետ:

Յետմիջօրէին՝ Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի «Ակլոնա Աստուածամայր» անուան սրբավայր, ուր կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ու պատարագի աւատին ինքնաթիռով կը փոխադրուի Լիթուանիոյ Վիլնիուս մայրաքաղաք։

Երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2018-ին՝ Պալթեան երկիրներու այցելութեան վերջին օրը, Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ Էսթոնիան։

Առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Պապ Լիթուանիոյ Վիլնիուս մայրաքաղաքէն թռիչքով կը փոխադրուի Էսթոնիայի Թալլին մայրաքաղաքի միջազգային օդակայան, ուր տեղի կ՝ունենայ պաշտօնական բարի գալուստի արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Հայրը կը հանդիպի նախագահին եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ:

Թալլին քաղաքի Լուտերական «Սուրբ Գարլօօ» անուան եկեղեցիէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպում կ՝ունենայ երիտասարդներուն հետ, որմէ ետք մայրապետներու վանքին մէջ կը մասնակցի իրեն ի պատիւ պատրաստուած ճաշին, որուն աւարտին քաղաքի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս անուան մայր տաճարին մէջ նախատեսուած է հանդիպում եկեղեցւոյ բարեսիրական գործունէութեան հոգածութեան տակ գտնուող հիւանդներուն հետ, որուն աւատին «ազատութեան» անուան հրապարակին վրայ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի եզրափակիչ արարողութեան, որով վերջ կը գտնէ նաեւ Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը փոխադուի Էսթոնիայի Թալին մայրաքաղաքի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայանալիք հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք կը բարձրանայ օդանաւ՝ վերադարձ կատարելու համար Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 21,00՝ Հռոմի Չամփինօ օդակայան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2018, 11:12