Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ոչ մէկը անտեսուած է ՝Յիսուսին սրտին մէջ:

«Յիսուս կեանքի ակնաղբիւրն է եւ այն Անձն է որ կեանք կը վերաշնորհէ՝ անոր որ ամբողջութեամբ կը հաւատայ իրեն»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 1 յուլիսին՝ կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն, ուր կը խօսուի մանուկ աղջկայ մը եւ արիւնահոսութենէ տառապող հիւանդ կինի մը բուժումի երկու հրաշքներուն մասին։

Ունկդրէ լուրը

«Յիսուս կեանքի ակնաղբիւրն է եւ այն Անձն է որ կեանք կը վերաշնորհէ՝ անոր որ ամբողջութեամբ կը հաւատայ իրեն» ըսաւ Ֆրանչիոսկ Պապ ու շեշտեց, որ ոչ մէկը պէտք է ինքզինք անօրէն կամ իրաւունքէ զուրկ անձ մը զգայ, դիտել տալով որ Յիսուսին Սիրտին մէջ ներթափանցելու համար կայ միակ մէկ պայման. զգալ բուժուելու կարիքը ՝ ամբողջութեամբ ապաւինելով Յիսուսին։

Յիսուս ամբոխին մէջ կը մտնէ եւ կը փնտռէ իրեն կարիքը ունեցող անձերը, զանոնք կ՝ազատագրէ իրենց անյայտ վիճակէն ինչպէս նաեւ անոնց ապրելու եւ յանդուգն ըլլալու երկիւղէն: Յիսուս այս կը կատարէ հայեացքով եւ խօսքով, այդ անձերը վերազետեղելով ուղեւորութեան մէջ՝ տառապանքի եւ նուաստացումի երկար կեանքէ վերջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց որ մենք եւս կանչուած ենք սովրելու եւ կրկնելու Յիսուսի այդ խօսքերը, որոնք կ՝ազատագրեն եւ այդ հայեացքը, որ կը վերադարձնէ՝ ապրելու տրամադրութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց աւետարանի արիւնհոսութիւնէն տառապող հիւանդ կնոջ բուժումի հրաշքը, որ բժշկուեցաւ դպչելով Յիսուսին վերարկուին, ընդգծելով թէ հաւատքը կ՝առաջնորդէ դէպի փրկութիւն։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ մանուկ աղջկան բուժումի դրուագին, ու հաստատեց թէ գեղեցիկ է ունկնդրել Յիսուսին խօսքը «Քեզի կ՝ըսեմ վեր կանգնէ». Յիսուս արդարեւ կեանք կը պարգեւէ աղջկան ու կեանք կը պարգեւէ նաեւ կնոջ։ Անոնց կը պարգեւէ կեանք ու հաւատք։

Հայցենք Սուրբ կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի ընկերանայ մեր հաւատքի ճանապարհորդութեան ընթացքին ու հայցենք Անոր Մայրական հովանին՝ մարմնով ու հոգւով տառապող մեր եղբայրներուն համար ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2018, 12:24