Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի կոչն ու խորհրդածութիւնը։

Կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային հասարակութեան, որպէսի վճռակամ կերպով գործէ կանխարգիլելու նաւաբեկութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, վերջին շաբաթներուն ընթացքին  Միջերկրական ծովուն մէջ գաղթականներով լի նաւաբեկութեան ողբերգական լուրեր հասան։ Իմ խոր ցաւս կը յայտնեմ ի տես այդ աղէտներուն եւ աղօթքս ու յիշողութիւնս կ՛ապահովեցնեմ անհետացողներուն ու անոնց ընտանիքներուն։ Սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային հասարակութեան, որպէսի պատրաստակամութեամբ ու վճռական կերպով գործէ  ու այնպէս ընէ որ այսպիսի ողբերգութիւններ չի կրկնուին, ինչպէս նաեւ ապահովեն անվտանգութիւնը ու բոլորին իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը»։ Այս եղաւ կոչը որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յղեց՝ Կիրակի  22 Յուլիս 2018 կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին։ Մինչ Մարեմեան աղօթքէն առաջ Ան ներկայացուց խորհրդածութիւն մը   որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 6, 30-40) ուր Առաքեալը կը յիշէ այն դէպքը երբ աշակերտները իրենց առաջին առաքելութիւնը կատարելէ ետք կը վերադառնան Յիսուսին մօտ ու Անոր կը պատմեն ամէն ինչ որ կատարեցին։ Յիսուս կը հրահանգէ անոնց երթալ մեկուսի վայր մը, սակայն ամբոխը իմանալով այդ մէկը կը հետեւի անոնց։ Յիսուս նաւէն իջնելով ու տեսնելով հոծ բազմութիւնը կը գթայ անոնց վրայ որովհետեւ նման էին «առանց հովիւի ոչխարներու» ու կը սկսի անոնց ուսուցանել։

Քահանայապետը ակնարկեց Յիսուսի կեցուածքի երեք բայերուն. տեսնել, գթալ եւ ուսուցանել, հաստատելով թէ ասոնք Հովիւին բայերն են։ «Յիսուսին  հայեացքը արդարեւ գթութեամբ լի հայեացք է որ գիտէ ճանչնալ մարդոց կարիքները» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ինչպէս այդ գութը Յիսուսը կը մղէ ուսուցանելու։ Այս մէկը «Մեսիային հացն է՝ նուիրուած անօթի ու կորսուած ամբոխին« ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ մենք ամէնքս կարիքը ունինք ճշմարտութեան Խօսքին որպէսզի ան առաջնորդէ եւ լուսաւորէ մեր ճանապարհը։

Առանց ճշմարտութեան՝ որ նոյնինքն Քրիստոսն է, կարելի չէ գտնել կեանքի իսկական կողմնորոշումը։ Երբ հեռանանք Յիսուսէն ու Անոր սէրէն կը կորսուինք ու մեր գոյութիւնը կը դառնայ անհանգստութիւն, մինչ երբ Յիսուս մեր մօտն է,  մենք կը քալենք վստահութեամբ ու կը յաղթահարենք դժուարութիւնները ու կը յառաջանանք սիրոյն մէջ դէպի Աստուած ու դէպի մերձաւորը։

«Յիսուս ինքզինք պարգեւեց ուրիշներուն  մեզմէ իւրաքանչիւրիս  համար դառնալով տիպար սիրոյ ու ծառայութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ, մեր վրայ առնելու մերձաւորին տառապանքները, հարցերն ու դժուարութիւնները՝ բաժնեկցութեան ու ծառայութեան հոգիով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2018, 12:48