Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Յուլիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ այս հանդիպումին համար որ եղաւ խօսուն նշան մը՝ քրիստոնեաներու միութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 յուլիս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն աւարտին շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ուղղեց երէկ՝ Պարի քաղաքի մէջ ապրուած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի ու խորհրդածութեան յատուկ օրուան առթիւ, Միջին Արեւելիքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն ու անոնց ներկայացուցիչներուն, անոնց մասնակցութեան համար։ «Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ այս հանդիպումին համար որ եղաւ խօսուն նշան մը՝ քրիստոնեաներու միութեան, որուն ոգեւորութեամբ մասնակցեցաւ նաեւ Աստուծոյ Ժողովուրդը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով  «հովուապետ եղբայրներուն» ու անոնց ներկայացուցիչներուն։

«Անոնց  վերաբերմունքն ու վկայութիւնը կառուցողական էին ինծի համար»  յարեց Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Պարի Քաղաքի Արքեպիսկոպոսին, անոր գործակիցներուն ու հաւատացեալներուն, հիւրընկալութեան ու անոնց գործունեայ մասնակցութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնները

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը քաղուած օրուան Աւետարանէն ուր կը խօսուի Յիսուսին իր ծննդավայր վերադարձի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

«Յիսուս կը սկսի ուսուցանել ժողովարանին մէջ ու քաղաքացիները խուժեցին այնտեղ, մտիկ ընելու համբաւ ունեցող իրենց հայրենակիցին, սակայն փոխանակ զայն գնահատելու մերժեցին զինք, մինչեւ այն աստիճան որ Յիսուս կը կարողանայ միայն մի քանի բուժումներ կատարել» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց «Նազարէթի բնակիչները նախ մտիկ կ՛ընեն, ապա կը զարմանան, հուսկ հարց կու տան «որտեղէն այս մարդուն տրուած է այդ իմաստութիւնը» եւ ի վերջոյ  կը գայթակղին անոր մէջ տեսնելով պարզապէս ատաղձագործին զաւակը։

Նազարէթի բնակիչներուն համար Աստուած այնքան մեծ է որ չի կրնար խոնարհիլ ու խօսիլ այսպիսի հեզ մարդու մը միջոցաւ. «Մարդեղութեան գայթակղութիւնն է այս»ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «աշակերտները չեն որ Տիրոջ ոտքերը լուացին, այլ Տէրը լուաց անոնց ոտքերը» ու այս մէկը գայթակղութեան պատճառ է բոլոր դարաշրջաններուն համար եւ նոյնիսկ այսօր։

 «Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ունկնդրութեան ու սպասումի վարուելակերպի մը, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը կը ներկայանայ անակնկալ կերպով ու երբեք մեր սպասումներուն չի համապատասխաներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց Քալքութայի Մայր  Թերեզային, որ աղօթքով ու բարի գործերով սքանչելիքներ կատարեց։ «Ան օրինակ է նաեւ մեզի համար, եւ պէտք է որ մենք եւս բանանք մեր սիրտն ու միտքը, ընկալելու համար աստուածային իրողութիւնները. Այս կը նշանակէ հաւատք ունենալ, հաւատքի պակասը արգելք է Աստուծոյ շնորհքին ու շատ մը մկրտեալներ այսօր կ՛ապրին այնպիսի ձեւով որ կարծես Քրիստոս գողութիւն չունենար» նշեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ «ամէն մէկ քրիստոնեայ կանչուած  է խորացնելու իր այս պատկանելութիւնը՝ կեանքի եղբայրսիրութեան արարքներով վկայելով զայն» ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզի, բացուելու Աստուծոյ շնորհքին, Անոր ճշմարտութեան ու Անոր բարութեան եւ ողորմութեան առաքելութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2018, 15:03