Ճափոնի մէջ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով բնական աղէտ Ճափոնի մէջ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով բնական աղէտ  

Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Ճափոնի մէջ ողողումի պատճառած զոհերուն ի լուր

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն կ՝աղօթէ բնական աղէտի թիրախ զոհերու հոգիներուն հանգստեան եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ճափոնի մէջ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով, ողողումի պատճառած զոհերուն ի լուր, երկուշաբթի 9 յուլիս 2018-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին անունով ցաւակցիր մը յղեց յայտնելով Նորին Սրբութեան խորին տխրութիւնը, ողողումի հետեւանքով արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար։
«Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Ճափոնի մէջ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով ողողումի պատճառած մարդկային վնասներուն եւ վիրաւորներուն լուրին ի տես» գրած է Կարդինալ Փարոլին յայտնելով Նորին Սրբութեան անկեղծ զօրակցութիւնը աղէտի թիրախ անձերուն»:
«Սրբազան Հայրը յատուկէն կ՝աղօթէ մեռեալներուն հոգիներու հանգստեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինումի համար, հայցելով Աստուծմէ մխիթարութիւն՝ բոլոր տառապողներուն համար» գրած է ապա Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ , Նորին Սրբութեան քաջալերանքը յայտնելով շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներուն։
«Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերելով քաղաքացիական իշխանութիւններն ու բոլոր անոնց որոնք ներգրաւուած են շտապ օգնութեան եւ որոնումի փրկարար գործունէութիւններուն մէջ ՝ աղէտի զոհերուն նկատմամբ, բոլորին կը շնորհէ Աստուածային առատ օրհնութիւնները» գրած է Պետական Քարտուղարը հեռագիրին աւարտին:

Յայտնենք,  թէ  տեղատարափ անձրեւներուն հետեւանքով, ողողումի պատճառաւ , առ այժմ արձանագրուած են աւելի քան 114 մեռեալներ եւ  անյայտ վիճակի մէջ կը գտնուին աւելի քան 60 մարդիկ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2018, 14:05